Փետրուար 8-ին կայացած Գանատայի Քեպէգ նահանգի Ազգային Ժողովի նիստին, Ազատական կուսակցութեան անդամ Սոնա Լախոյեան ներկայացուցած է Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ մը, որ ընդունուած է Ազգային ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ։ Լուրը կը հաղորդէ Քեպէգի Հայ դատի յանձնախումբը։
Բանաձեւը նիստին ներկայացուցած են Միշէլ Սեթլաքուի (QLP), Սելին Հայթայեան (CAQ), Ժոէլ Արսէնօ (PQ) եւ Հարուն Պուազի (QS), այս ձեւով Ազգային ժողովի բոլոր կուսակցութիւնները համահեղինակ եղած են բանաձեւին։ Ազգային ժողովին որոշումով բանաձեւը պիտի ղրկուի Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութեան, Քեպէգի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Գանատայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանատան։