«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Աւետման տօնին առիթով Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կ’ուղղենք համայն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար՝ մեծազնիւ տիկիններուն եւ օրիորդներուն։
Աւետման աւետարանական դրուագը մեզի կը փոխանցէ Փրկչի աշխարհ գալու բարի աւետիսը եւ Սուրբ Աստուածամօր խոնարհ, հնազանդ ու հաւատացեալ կերպարը, որ դարձած է աստուածանուիրումի երանելի վկայութիւն եւ բարի օրինակ ծառայած է հայ կիներուն համար բոլոր ժամանակներուն։
Հոգենորոգ այս օրը մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի մայրութեան բերկրանքին սպասող կիներու օրհնութիւն՝ աղօթքով, որպէսզի ազգս զօրանայ նոր մանուկներու ծնունդով եւ մեր զաւակները Աստուծոյ օրհնութեան ու իրենց ծնողներուն հոգածութեան ներքոյ մեծնան հաւատացեալ հոգիով, հայրենիքի սիրով եւ դաստիարակուին ազգային ինքնութեան արժէքներով։ Թող Սուրբ Աստուածածինը մեր մայրերուն ու քոյրերուն համար շարունակէ ըլլալ ներշնչանք առ Աստուած յոյսի եւ ամէն առաքինութիւններու, որոնցմով բարեզարդուած իրենց հոգածութիւնն ու նուիրումը բերեն ընտանիքներուն եւ եկեղեցական, ազգային ու հայրենական մեր կեանքին։
Կը հայցենք Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութիւնը Միածին Որդիին առջեւ, որպէսզի Տէրը Իր Սուրբ Աջին հովանիին ներքոյ խաղաղ, անխռով ու բարօր պահէ ու պահպանէ հայրենի մեր երկիրն ու համայն ժողովուրդը եւ օրհնէ հայրենաշէն ու ազգաշահ բոլոր ջանքերը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։