Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ուղերձը՝ Հանրապետութեան տօնին առթիւ

«Հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը յղենք հայրենիքի ու սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կը շնորհաւորենք Հանրապետութեան տօնը։

Այսօր կ՚ոգեկոչենք յիշատակները 1918-ի Մայիսեան հերոսամարտերուն, մեր ժողովուրդին դրսեւորած անյուսալի կամքին, միասնականութեան ոգիին եւ քաջարի պայքարին, որոնց շնորհիւ հռչակուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը։ Դարերու ընդմիջումէ ետք հայրենի հողին վրայ վերականգնուեցաւ հայկական պետականութիւնը՝ արժանապատիւ ու ապահով կեանք եւ լուսաւոր գալիք կերտելու տեսիլքով։

Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը կանգնած է նոր փորձութիւններու առջեւ եւ աղէտալի պատերազմէն ու Արցախի բռնագրաւումէն ետք կը կրէ արհաւիրքներու ծանր հետեւանքները, Մայիս 28-ի խորհուրդը կրկին կը հնչեցնէ անբեկանելի ճշմարտութիւնը, թէ ժողովուրդը կրնայ յաղթանակել, երբ միաբանուած է մէկ նպատակով, մէկ ձգտումով ու բաղձանքով։ Մեր անկախութիւնը մեր հայրերուն սրբազան աւանդն է մեզի, զոր պիտի փայփայենք եւ շարունակենք համատեղ ջանքերով շէնացնել մեր երկիրը, հզօրացնել մեր պետականութիւնը։

Այս տօնական օրը կ՚աղօթենք աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի խաղաղութեան ու բարօրութեան, մեր բանակի հզօրութեան, մեր պետութեան անվտանգութեան ու յառաջընթացին համար։ Թող մեր նախնիներուն սխրանքները ոգեշնչեն մեզ՝ հաւատալու մեր ուժերուն, միաւորուելու հայրենիքին, ընդհանուր նպատակներուն շուրջ եւ համատեղ ջանքեր ներդրելու մեր ազգային շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան գործին մէջ։

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհները, սէրը եւ ողորմութիւնը թող ըլլան մեզի հետ եւ ամէնքիդ, այսօր եւ միշտ. ամէն»։