Յունիս 10-ի կէսգիշերին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն վերադարձին՝ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ զինք դիմաւորելու եկած հոծ բազմութեան ուղղելով իր խօսքը՝ Գարեգին Բ. Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին օրերու յայտարարութիւններուն՝ յայտնած է.
«Սիրելինե՛ր, գիտենք, որ վարչապետի կողմից հնչեցուած յայտարարութիւնները համընդհանուր վրդովմունք են առաջ բերել: Հաւատում եմ, որ Աստծոյ ողորմութեամբ եւ օգնութեամբ ձեզ հետ միասին խոհեմօրէն, առանց աւելորդ յուզականութեան եւ ընդվզումների պիտի կարողանանք յաղթահարել այս դժուարութիւնները: Ամուր մնացէ՛ք ձեր հաւատքին եւ առ եկեղեցին ունեցած ձեր սիրոյ ու հաւատարմութեան մէջ: Մենք ձեր այս վերաբերմունքը գնահատում ենք, բայց նաեւ ցանկանում ենք ասել, որ այն առաւել եւս պարտաւորեցնում է մեզ` եկեղեցականներիս, մեր առաքելութիւնը նոյն նուիրումով ու հաւատարմութեամբ առ ձեզ ու մեր հայրենին իրականացնելու անշեղօրէն, արդիւնաւէտ կերպով:
Մեր յորդորը պիտի լինի, որ այս դժուարին ժամանակներում ամուր ու հաստատուն պահէք միաբանութիւնը ազգային մեր կեանքում: Թոյլ չտանք, որ որեւիցէ կերպ մեր կեանքում տեղ գտնեն այնպիսի արարքներ, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն ազգային մեր միասնութիւնը: Մենք հաւատում ենք, որ մեր միասնական ջանքերով մեր կարողութիւնների մէկտեղումով պիտի դիմակայենք բոլոր փորձութիւններին եւ արդէն մեր կեանքի բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով լաւատեսութեան յոյսով ու հաւատքով կը կերտենք մեր ու մեր զաւակների վաղուայ պայծառ օրը:
Աստուած օգնական ու պահապան մեր ժողովրդին այսօր եւ յաւիտեանս»։
Այնուհետեւ Հայոց հայրապետին առաջարկով հնչած է «Տէրունական աղօթքը» եւ «Երկար կեանք տուր Հայրապետին» շարականը։
Վեհարանը ազատելու՝ Փաշինեանի պահանջի մասին լրագրողներու հարցումներուն Գարեգին Բ. չէ պատասխանած՝ ըսելով, թէ «ամէն ինչ յստակօրէն ըսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի յայտարարութեան մէջ, թէ եկեղեցւոյ հարցերը կը լուծուին եկեղեցական կարգերու եւ կանոններու համաձայն եւ դուրս են պետական եւ քաղաքական գործիչներու իրաւասութենէն»:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։