Հայրապետական Սուրբ պատարագ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ
Յունուար 6-ին, Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս պատարագ մատուցած է Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Հայրապետական խաչվառազարդ թափօրը «Խորհուրդ խորին» շարականի հանդիսաւոր երգեցողութեան ներքոյ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Սուրբ Տրդատի մատուռէն առաջնորդած է դէպի խորան:
Յաւարտ Սուրբ պատարագի, Գարեգին Բ. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» հրեշտակաբարբառ աւետիսով ողջունած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ յղած իր պատգամը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-
«Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, Սուրբ Ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսը այս օրերին` աղէտալի պատերազմի կորուստների ցաւով մորմոքուող, բեկուած ու տագնապած, անորոշութիւններով անհանգիստ մեր սրտերին մխիթարութիւն ու սփոփանք է բերում, որ Տիրոջ փրկարար շնորհներով զօրանանք, հաւատով փոխակերպուենք եւ յոյսով յաղթանակենք: Այսպիսի ոգով ու ընթացքով, անտարակոյս, պիտի կարողանանք յաղթահարել պատուհասներն ու նեղութիւնները եւ հզօրանալ որպէս ժողովուրդ ու պետութիւն, հայրենիք եւ սփիւռք:
Մեր հայրերը մեզ ուսուցանել են, որ աննկուն լինենք աղէտների ու փորձանքների դէմ, թոյլ չտանք, որ մեզ պարտութեան մատնեն հոգսերն ու կարիքները, հայրենիքի ապագայի հանդէպ տագնապները: Թէ՛ հայրենիքում եւ թէ՛ աշխարհասփիւռ մեր համայնքներում լինենք միաբան ու միասնական: Մեր անմիաբանութիւնն ու անհամերաշխութիւնը ծնունդ են տալու նոր կորուստների` ոտնակոխ անելով մեր մեծ ու փոքր յաղթանակները:
Ներկայի բարդ իրադրութեան մէջ հարկ է, որ սթափուենք, մերժենք Աստծուց մեզ հեռացնող ընթացքները եւ մեր կեանքն ամրօրէն խարսխենք դարերի փորձութիւն անցած, մեր ժողովրդի յարատեւութիւնը երաշխաւորած ազգային եւ հոգեւոր արժէքների վրայ: Ամէնքս սրբազան պարտք ունենք հայրենիքի համար նահատակութեան պսակն ընդունած մեր զաւակների յիշատակի առջեւ` անձնուրաց ջանքեր ներդնելու յանուն հայրենի մեր երկրի, յանուն Արցախի ազատ կեանքի, յանուն Հայոց պետականութեան անսասանութեան ու ազգային մեր ինքնութեան անխաթար պահպանութեան: Միշտ յիշենք` հայրենիքի շահը վեր է ամէնից, մեր ժողովրդի ազատ ու ապահով կեանքը` առաջնահերթութիւն: Հզօր ու շէն հայրենիքի տեսլականի իրագործումը պահանջում է յանձնառութեան եւ անձնազոհութեան ոգի ու գիտակցութիւն, ազնիւ ու արդար գործելակերպ եւ հոգեւոր, բարոյական արժէքների վրայ հիմնուած կենսակերպ: Այդ առաքելութիւնը հնարաւոր է իրականութիւն դարձնել մեր Տիրոջ լուսաւոր օրինակով, ով, ըստ Իր խօսքի, չեկաւ պաշտօն, ծառայութիւն եւ պատիւ ընդունելու, այլ ծառայելու (Մատթ. 20.28):
Ամէն մի պաշտօն եւ իշխանութիւն հասարակական, քաղաքական կամ պետական ոլորտում պէտք է ծառայի երկրի առաջընթացին, ընդհանուրի բարեկեցութեանն ու ապահովութեանը, ինչպէս բարեպաշտ ընտանիքում: Երբ պաշտօնը դադարում է սպասաւորութիւն ընկալուելուց, դառնում է պատճառ կամայականութիւնների, չար ու անարդար գործերի: Մինչ ազգաշահ ու հայրենանուէր բարի գործերով, միմեանց հանդէպ հոգածութիւն, սէր ու խնամք ցուցաբերելով է, որ ուժ ու զօրութիւն կ՚ունենանք նեղութիւններն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու, երկիր շէնացնելու: Փրկչի Սուրբ Ծննդեան խորհրդով նորոգուած կեանքով, հաւատում ենք, կարող պիտի լինենք կերտելու նոր իրականութիւն, որտեղ գերակայ կը լինեն փոխհասկացողութիւնն ու համերաշխութիւնը, ուղղամտութիւնն ու հայրենանուիրումը. նոր իրականութիւն, որտեղ իւրաքանչիւր յանձնառութիւն միտուած կը լինի մեր ժողովրդի իղձերի ու ձգտումների իրագործմանը: Այս տեսլականով եւ Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան շնորհով, սիրելի հաւատացեալներ, վերափոխենք մեր կեանքի ընթացքը եւ միշտ քայլենք վերելքի ու սիրոյ կենարար ճանապարհով:
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս հոգեպարար օրը աղօթենք միասին, որ Բարձրեալն Աստուած օրհնի, խաղաղ պահի ու պահպանի հայրենի մեր երկիրը եւ աշխարհը համայն: Աղօթենք, որ մեր հայրենիքը դառնայ մսուր աստուածային ներկայութեան, եւ մեր ժողովրդի զաւակների հոգիները զօրանան հաւատով ու լաւատեսութեամբ: Թող Տէրը Իր ամենախնամ Սուրբ Աջի օգնականութեամբ մեզ առաջնորդի ընթանալու հաւատոյ բարի գործոց շաւիղներով եւ փառաբանելու Իր Սուրբ Անունը այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»
Արարողութեան աւարտին կատարուած է Ջրօրհնէք, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը խաչով եւ սրբալոյս Միւռոնով օրհնած է ջուրը: