Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գեղարուեստական կենսունակութիւն

Յունիս ամիսը Ֆրանսահայութեան, յատկապէս Փարիզի շրջանի համայնքներուն համար երաժշտական ստեղծագործութեան ճոխ ամիս էր։ Որքան որ խեղճ ու կրակ, անհամերաշխ, անմիաբան պատկեր մը պարզեց քաղաքական դասը, նոյնքան ալ երաժշտական նախաձեռնութիւնները կենսունակ էին ու բազմազան՝ Կարպիս Ափրիկեանի «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» օրաթորիոյի ներկայացումը՝ Սէն Միւզիքալի եւ Ս. Թրինիթէ եկեղեցւոյ մէջ, «Մայրիկ» համերգը, Փարիզ-8 համալսարանի եւ Փարիզեան Սէն Տընի շրջանի կազմակերպած՝ երգչախումբերու միջազգային հանդիպումը, որուն Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած էր «Խազեր» խումբը… Եւ դեռ շարքը պիտի երկարի մինչեւ ամսոյս վերջ. Յունիս 28-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի սրահին մէջ «Հովեր» երգչախումբը համերգով մը պիտի ոգեկոչէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը։ Նոյն օրը Սալ Կաւոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Արցախի ներկայացուցչութեան կազմակերպութեամբ՝  « Arménie, la route de la vie » ձեռնարկը, արցախցի եւ ֆրանսացի մտաւորականներու ու արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ 

Այս համերգներու կողքին, Գլամարի քաղաքապետարանի կազմակերպած «Հայաստանի օր»-ը, «Նաւասարդ» պարախումբի եւ «Փարոս» երգչախումբի համատեղ ներկայացումը Անթոնիի հայկական ակումբի 40-րդ տարեդարձին առթիւ, «Երազ» պարախումբի, «Մեծ Պազար»-ի եւ հայկական մշակոյթի տուներու, դպրոցներու տարեվերջի հանդէսներն ու ներկայացումները գեղարուեստական միջավայր մը կը ստեղծեն, ուր հայ համայնքը ցոյց կու տայ իր կենսունակութիւնը, աշխուժութիւնը։ Կը ստեղծուին Հայաստանի հետ փոխանակումի եւ համագործակցութեան, ֆրանսական տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, քաղաքապետարաններու հետ գործակցութեան բացառիկ առիթներ, ինչպէս Փարիզի 16-րդ թաղամասի եւ HEC-ի միասնաբար կազմակերպած տնտեսական նախաձեռնութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 27-ին…

Ֆրանսահայ համայնքի կարողականութիւնը մեծ է։ Պէտք է առիթ տալ որ ան դրսեւորուի, կազմաւորուի, ինքնահաստատուի։ Հայ համայնքները տակաւին զուրկ են Արցախի նկատմամբ գործուած ազգային զտման աններելի ոճիրին համապատասխան քաղաքական հակազդեցութիւնը դրսեւորելու կարողութենէ։ Թէեւ, Ֆրանսայի քաղաքական ու մտաւորական դասին մէջ կա՛ն գործիչներ, որոնք շատ ազդեցիկ միջամտութիւններ ունեցան։ Ֆրանսայի կառավարութիւնը՝ նո՛յնպէս։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարին այս օրերուն Ֆրանսա այցը ատոր ակներեւ փաստն է։ 

Սակայն, ինչ կը վերաբերի հայ համայնքներու քաղաքական հակազդեցութեան կարողականութեան՝ կարելի չէ նոյնը ըսել։ Ներկայ ժամանակաշրջանի հիպրիտ պատերազմը ունի իր յատուկ օրէնքները, որոնց դէմ անզէն ու անպատրաստ է հայ համայնքը։ Բնական է որ առաջին հերթին Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն ու բանակին կը վիճակի տեղւոյն ազգաբնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորումը։ Այսուհանդերձ, Սփիւռքը եւս կրնայ գործակցիլ, զօրավիգ կանգնիլ, միասնական դիրքերէ հանդէս գալ, գէթ Արցախի համար այսօրուան ճակատագրական պահուն։ Սակայն, համասփիւռքեան մեծագոյն կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը՝ Առաքելական եկեղեցին, ՀՅԴ-ն եւ CCAF-ը Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան հետ իր տարակարծութիւնները չէ կրցած մէկդի դնել, միասնական քաղաքական ճակատ կազմելու համար։ Պէտք է ընդունիլ այս վիճակը, իբրեւ իրողութիւն։ Ինչպէս որ պէտք է գիտակցիլ գեղարուեստական համայնքին ցուցաբերած կենսունակութեան, ու քաղաքական պառակտող ազդակները զանց առնելով՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան առիթներ ստեղծելու կամքին, փրկելու համար ինչ որ գոյութիւն ունի։ Գեղարուեստական արտայայտութիւնը կարեւոր մեկնակէտ է, ոգեղէն զօրաւոր ուժ, հաւատքի արտայայտութիւն, որ պէտք է ունենայ իր դրսեւորումը քաղաքական գետնի վրայ եւս։ 

Ժ.Չ. ■