Կիրակի, Փետրուար 23-ին Գերմանիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն երեսփոխան ընտրուած են ծագումով թուրք 19 թեկնածուներ։
Կը նշուի, որ թուրք երեսփոխաններէն 7-ը ընտրուած է «Ընկերվար-ժողովրդավարական» կուսակցութենէն (SPD), 7-ը՝ «Ձախ» կուսակցութենէն (Die Linke), 2-ը՝ «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական» կուսակցութենէն (CDU), 2-ը «Կանաչներու» կուսակցութենէն (Grüne) եւ մէկը՝ «Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն» կուսակցութենէն (CSU)։
Գերմանիոյ նախորդ խորհրդարանին մէջ ծագումով թուրք երեսփոխաններուն թիւը 18 էր։
Գերմանիոյ մէջ առաջին անգամ է, որ «Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն» կուսակցութիւնը թուրքի մը թեկնածութիւնը առաջադրած էր ընտրութիւններուն։
Նշենք, թէ այս ընտրութիւններուն յարաբերական յաղթանակ մը արձանագրեցին պահպանողականները (CDU / CSU)՝ ձեռք ձգելով 208 աթոռ, իսկ ծայրայեղ աջը (AfD) արձանագրեց պատմական յաջողութիւն՝ հասնելով երկրորդ դիրքի վրայ ու տիրանալով 152 աթոռի։ Պաշտօնաւարտ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի Ընկերվարական կուսակցութիւնը (SPD) այլեւս երրորդ ուժն է երկրի՝ 120 աթոռով, իսկ չորրորդը՝ Կանաչները (Grüne), 85 աթոռով։
Եթէ նկատի ունենանք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) նոր օրէնքով՝ կը բաղկանայ 630 աթոռէ, դժուար չէ կռահել թէ հորիզոնին բարդ օրեր կը սպասեն երկրին, քանի որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կամ հոսանք յաջողած է ապահովել բացարձակ մեծամասնութիւն, որ կը պահանջէ առնուազն 316 աթոռ։
* * *
Ծագումով 19 … թուրք Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ։
Ֆրանսահայուս՝ անկարելի է զուգահեռ մը չգծել իրենց եւ մեր իրականութեան միջեւ։
Եթէ նոյնիսկ բոլորովին զանց առնենք Ֆրանսա շատ հին ժամանակներէն հաստատուած հայերու նօսր գաղութը եւ նկատի ունենանք մի՛այն Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուածը, Գերմանիոյ թրքական գաղութը 50 տարիով կը զիջի անոր։
Այսօր, ճիշդ է որ Գերմանիոյ մէջ թուրքերու թիւը լայնօրէն կը գերազանցէ ֆրանսահայութեան թիւը, բայց նայեցէք՝ արդէն ո՛ւր հասած են, մինչ մենք կը հրճուինք երբ ֆրանսական խորհրդարանին մէջ կ՚ունենանք 2-3 հայ երեսփոխան։
Եւ դեռ պէտք է վերլուծման ենթարկել հետեւեալ երեւոյթն ալ։ Տասնամեակներէ ի վեր կը հպարտանանք, կը պարծենանք, որ լաւ համարկուած գաղութ ենք, մինչ Գերմանիոյ թուրքերէն կը սիրենք տալ ասոր հակապատկերը։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ «համարկուած»-ս «նուազ համարկուած»-ին, կամ «չհամարկուած»-ին չափ չի կրնար յաջողութիւն արձանագրել։
Տեղ մը, ծուռ բան մը չկա՞յ. աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարցումը բանաձեւել սապէս՝ տեղ մը ծուռ բան մը ՉՈՒՆԻ՞ՆՔ…։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։