Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Գործակցութեան համաձայնագիր Նաումպուրկ եւ Արմաւիր քաղաքներուն միջեւ 

Յունիս 13-ին, Նաումպուրկի մէջ տեղի ունեցած է նոյն քաղաքին եւ Արմաւիրի միջեւ գործընկերութեան համաձայնագրին ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Նաումպուրկի քաղաքապետ Արմին Միւլլեր, Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի մշակոյթի հարցերու պետական քարտուղար Սեպասթիան Փութց, Արմաւիր համայնքի ղեկավար Վարշամ Սարգսեան։

Համաձայնագրին ստորագրումէն ետք, Հայաստանի պատուիրակները իրենց տպաւորութիւնը արձանագրած են Նաումպուրկի ոսկէ մատեանին մէջ։

Այնուհետեւ տեղւոյն ճեմարանի աշակերտ-աշակերտուհիները պատմած են Հայաստանի հետ փոխանակման նախաձեռնութեան շուրջ իրենց փորձառութիւնները։ Հնչած են նաեւ երաժշտական կատարումներ։

Երկու քաղաքներուն միջեւ գործակցութեան բանակցութիւնները սկսած են 2020-ին։ Սոյն համաձայնագրով կը նախատեսուի Արմաւիրի եւ Նաումպուրկի միջեւ առկայ բարեկամական կապերուն ամրապնդումը եւ ընդլայնումը՝ մշակութային, տնտեսական եւ զբօսաշրջային մարզերուն մէջ։

Խաչքարի օրհնութիւն՝ Նաումպուրկի հանրապարտէզին մէջ

Նոյն օրը, Նաումպուրկ քաղաքի մայր տաճարին կից գտնուող հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած է հայկական խաչքարի օրհնութիւն՝ հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանի եւ մասնակցութեամբ միջեկեղեցական ներկայացուցիչներու եւ հայ ու գերմանացի պետական, դիւանագիտական պաշտօնատարներու։

Հայկական խաչքարը Նաումպուրկին նուիրած է Արմաւիրը՝ ի նշան զոյգ քաղաքներու միջեւ գործակցութեան հաստատման եւ մշակութային կապերու ամրապնդման։

Նախ՝ Նաումպուրկի մայր տաճարի արեւելեան խորանին առջեւ տեղի ունեցած է միջեկեղեցական ժամերգութիւն գերմաներէն եւ հայերէն լեզուներով։ Ժամերգութեան՝ Սերովբէ սրբազանէն բացի մասնակցած են շրջանի հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Յակոբ քահանայ Յակոբեան, Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ տարածաշրջանային եպիսկոպոս դոկտ. Եոհանն Շնայտեր եւ Նաումպուրկի Քրիստոնէական եկեղեցիներու Համագործակցութեան խորհուրդի (ACK) անդամներ։

Ներկայ եղած են Արմաւիր քաղաքի պատուիրակները, Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան, Նաումպուրկի քաղաքապետը եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ ընդգծած է հայկական խաչքարի հոգեւոր խոր իմաստը. «Այս քարակերտ խաչերը ո՛չ միայն ցաւի ու զոհաբերութեան խորհրդանիշ են, այլեւ յարութեան, յոյսի եւ յաւիտենական կեանքի նկատմամբ հաւատքի»։

Ժամերգութեան աւարտին ներկաները համախմբուած են խաչքարին շուրջ, ուր Սերովբէ սրբազանի ձեռամբ կատարուած է օրհնութեան արարողութիւնը։ Ապա ելոյթներ ունեցած են պաշտօնական անձնաւորութիւններ։