Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին ընդառաջ` Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ Մայիս 23֊ին տեղի ունեցած է բարեսիրական համերգ մը։ Հայկական երրեակին՝ փարիզաբնակ ջութակահար Դաւիթ Յարութիւնեանի, պերլինաբնակ թաւջութակահար Միքայէլ Հախնազարեանի եւ դաշնակահարուհի Սոֆիա Մելիքեանի կատարողութեամբ հնչած են Շէօնպերկի, Խաչատրեանի եւ Պրամսի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ։
Երեկոյթի նպատակն էր ոչ միայն անգամ մը եւս պատուել մեծանուն երաժիշտ Խաչատրեանը, այլեւ հանգանակուած գումարը յատկացնել Հայաստանի մէջ տարբեր բարեսիրական կրթական ծրագրերու իրագործման։ Անոնցմէ մէկը Սիւնիքի մարզին մէջ նախաձեռնուած ծրագիրն է, որ կ՚առաջարկէ գերմաներէնի անվճար դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ երախաներուն կ՚օգնէ կողմնորոշուելու իրենց ապագայ մասնագիտութեան ընտրութեան մէջ։
Համերգին նախաձեռնած ու կազմակերպած է Միւնիխի մէջ գործող DAV Social հասարակական բարեսիրական կազմակերպութիւնը։