Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – ՊԵՐԼԻՆ – Հայկական ընկերութիւններ մասնակցած են աշխարհի ամէնէն մեծ արհեստագիտական եւ նորարարական ցուցահանդէս-տօնավաճառին

Մայիս 21–23, շուրջ 20 հայկական ընկերութիւններ եւ նորարարական ձեռնարկութիւններ մասնակցած են GITEX Europe-ին, որ Տուպայէն ծագած աշխարհի ամէնէն մեծ արհեստագիտական եւ նորարարական GITEX-ի եւրոպական տարբերակն է: GITEX Europe-ը կը միաւորէ արհեստագիտական նորարարներ, կառավարութիւններ եւ առաջնորդ գործակիցներ ամբողջ աշխարհէն՝ արհեստագիտական յառաջադիմութիւնը արագացնելու եւ համաշխարհային կապակցուած ապագայ մը ձեւաւորելու համար:

Այս ցուցահանդէս-տօնավաճառը հայկական նորարարական ձեռնարկութիւններուն առիթ կու տայ միջազգային լսարանի առջեւ ներկայանալու եւ նոր գործակցութիւններ հաստատելու ՝ ռոպոթիքի, արհեստական բանականութեան, Cloud-ի, FinTech-ի, համացանցային ապահովութեան, թուային առողջապահութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

GITEX Europe-ը կը միաւորէ շուրջ 6.000 ցուցադրող աւելի քան 100 երկիրներէ, 1.800 նորարարական ձեռնարկութիւններ (start-up) եւ աւելի քան 1.400 բանախօսներ:

Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան: