«Ինչո՞ւ կը մոռնաք թէ այժմ Հայաստանի մէջ ի՞նչ կը կատարուի. ամէն շաբաթ մէկ կամ երկու գիւղ կը բռնագրաւուի»
Այս օրերուն Գերմանիոյ Քառլշռու քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ համաժողովը (Օգոստոս 31-էն Սեպտեմբեր 8)։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը աշխարհի մէջ գործող շուրջ 300 քրիստոնէական եկեղեցիներու համագործակցութիւնը համակարգող բարձրագոյն մարմինն է։ Համաժողովը կը գումարուի 7 տարին անգամ մը։
Համաժողովին կը մասնակցին անդամ եկեղեցիներու շուրջ 3.500 պատուիրակներ ու ներկայացուցիչներ։ Հայ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը կազմուած է շուրջ 25 հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներէ, որոնք կը ներկայացնեն Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները։
Ստորեւ կու տանք սոյն ժողովին Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական յանձնաժողովի գործադիր վարչութեան անդամ Վիգէն արք. Այքազեանի (ԱՄՆ-ու Հայոց Արեւելեան թեմ) յատկանշական ելոյթը.-
“Շնորհակալութի՛ւն ժողովի նախագահողին, իմ գնահատանքը հանրային հարցերուն համագործակցող կազմակերպութիւններուն. միեւնոյն ժամանակ ունիմ որոշ մտահոգութիւններ:
Անկարելի է անտեսել իմ ժողովուրդի նկատմամբ վայրագութիւնները։ Եթէ չեմ սխալիր՝ մէկը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այդքան շատ կը խօսինք Ուքրաինացիներու մասին, որովհետեւ Ուքրաինան Եւրոպա՞ է։ Նկատի ունիմ, եթէ որեւէ բան կը պատահի Ափրիկէի կամ Ասիոյ մէջ, կը նշանակէ որ պէտք չէ՞ միջամտենք, կամ երբ որեւէ բան կը պատահի Ամերիկայի մէջ ՝ չե՞նք պատրաստուիր միջամտելու։
Եթէ անարդարութիւն տեղի կ՚ունենայ, մեր բարոյական պարտականութիւնն է արձագանգել։ Ինչո՞ւ կը մոռնաք, թէ ի՞նչ եղաւ Եմէնի կամ Եթովպիոյ մէջ, ինչո՞ւ կը մոռնաք, թէ այժմ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ․ ամէն շաբաթ մէկ կամ երկու գիւղ կը բռնագրաւուի, ի՞նչ եղաւ 110-118 ռազմագերիներու ճակատագիրը վերջին երկու տարիներու ընթացքին։ Աշխարհի մէջ չկա՛յ որեւէ կառավարութիւն, որ ճնշում կը գործադրէ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի կառավարութիւններուն վրայ, որ այդ երիտասարդները ազատ արձակեն։ Ո՞ւր էինք մենք, երբ շուրջ 5.000 երիտասարդ սպանուեցաւ։ Պարզապէս կը եզրայանգենք թէ՝ «կը դատապարտենք»։ Եւ ի՞նչ, յետոյ ի՞նչ․․․
Յարգելի՛ Նախագահող, սոյն կազմակերպութիւնը պէտք է ըլլայ բարոյական կազմակերպութիւն եւ հոգ տանի իւրաքանչիւր ազգի, իւրաքանչիւր փոքրամասնութեան, իւրաքանչիւր մարդու, որոնք կը տառապին։ Շնորհակալ եմ”: