Մարտ 31-ին, Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքի «Gewandhaus Mendelssohn» շքեղ դահլիճին մէջ ներկայացուած հիասքանչ համերգով նշուած է Օհան Դուրեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Ելոյթ ունեցած է Հայկական Դաշնակի երրեակը (Armenian Piano Trio)՝ Սոֆիա Մելիքեան (դաշնակ), Միքայէլ Հախնազարեան (թաւջութակ) եւ Դաւիթ Յարութիւնեան (ջութակ)։ Հանդիսատեսը վայելած է Գայիանէ Չեպոդարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Եոհաննէս Պրամսի, Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները։ Լուրը հաղորդած է «Լայփցիկի հայերը» Դիմագիրքեան խումբը։
Համերգին ներկայ եղած են Լայփցիկի եւ տարբեր հայ համայնքներու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հովիւ Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան, Հայաստանի դեսպանութեան պատուիրակութիւնը, հայ եւ օտար հիւրեր։
Լայփցիկի Հայ Մշակութային միութեան անունով, իբրեւ համերգի կազմակերպիչ ելոյթ ունեցած է դոկտ. Անահիտ Բաբայեան, իսկ Լայփցիկի քաղաքապետարանին կողմէ խօսք առած է դոկտ. Սվեն Թրաութման, ներկայացնելով Երեւան-Լայփցիկ զուգորդուած քաղաքներու շրջանակին մէջ իրագործուող ծրագրերը, ինչպէս նաեւ խաչքարի տեղադրման վերաբերեալ որոշումը։
Աւարտին տիկին Բաբայեան շնորհակալութիւն յայտնած է արուեստագէտներուն՝ հիանալի համերգին համար, առ ի երախտագիտութիւն անոնց նուիրելով Օհան Դուրեանի այրիին՝ Ալիս Դուրեանի կողմէ ուղարկուած գեղեցիկ ծաղկեփունջը։
Հանդիսատեսը ջերմ ու երկարատեւ ծափահարութիւններով ողջունած է երաժիշտները։