Մարտ 31-ին, երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր։ Նոյն օրը ան Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Գերմանիոյ նախագահին ուղեկցած են Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան եւ երկու երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները։
Հիւրերը դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան՝ ներկայացնելով յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: Ան անդրադարձած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ անցեալ դարավերջին Ազերպայճանի Սումկայիթ, Կիրովապատ (Գանձակ), Պաքու քաղաքներուն մէջ ազերպայճանական կառավարութեան կազմակերպած կոտորածներուն զոհ գացած հայերու յիշատակին տեղադրուած երեք խաչքարերուն՝ շեշտելով կապը տեղի ունեցածին եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
Գերմանիոյ նախագահը ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Թանգարանի տնօրէնուհին հիւրերուն ուղեկցած է Յուշապատին մօտ, որուն ետեւի մասի յատուկ խորշերու մէջ ամփոփուած են 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին Թուրքիոյ կառավարութեան իրագործած հայերու զանգուածային կոտորածներուն եւ ցեղասպանութեան դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած շարք մը ոչ-հայ հասարակական, քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ միսիոնարներու գերեզմաններէն վերցուած հողով լի փոքր սափորները:
Հիւրերը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրած են յատկապէս գերմանացիներ Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ Արմին Վեկների հայանպաստ գործունէութեան մասին հաղորդուած տեղեկութիւնները:
Գերմանիոյ նախագահին Հայաստան այցելութեան ծիրէն ներս Երեւան եւ Լայփցիկ քաղաքներու միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան համաձայնագիր մը՝ մշակութային տարի կազմակերպելու լոյսին տակ։
Հայաստանի նախագահին ուղեկցութեամբ, Գերմանիոյ նախագահը այցելած է ԹՈՒՄՕ կեդրոնը եւ ծանօթացած նորարարական արհեստագիտութեան աշխարհահռչակ կեդրոնին գործունէութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։