Գիտական ծրագիր՝ «Վիմագրական աւանդութիւնը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ» բնաբանով 

Հայկական լեռնաշխարհը չափազանց հարուստ է վիմագրերով: Վանի թագաւորութեան սեպագրերու ուսումնասիրութենէն սկսեալ անոնք հետաքրքրած են թէ՛ հայ, թէ՛ օտար գիտնականները: Հայաստանի գիտութեանց ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը Վիեննայի համալսարանին հետ միասին կ՚իրագործէ գիտական ծաւալուն ծրագիր մը, որուն նպատակն է համապարփակ կերպով ուսումնասիրել ու ներկայացնել վիմագրական աւանդութիւնը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ՝ Վանի թագաւորութենէն մինչեւ ուշ միջնադար:

Ծրագրի ղեկավար, վիմագրագէտ Արսէն Յարութիւնեան կ՚ըսէ, թէ ծաւալուն նիւթը բաժնած են եւ կ՚ւսումնասիրեն ըստ ժամանակաշրջաններու: Գիտական խումբին մէջ ներառուած են ուրարտագէտ մը, պատմաբաններ, վիմագրագէտներ: Պիտի ստեղծուի գիտական տուեալներու թուային շտեմարան մը, որ պիտի դիւրացնէ բոլոր այն գիտնականներուն աշխատանքը, որոնք հետաքրքրուած են Հայկական լեռնաշխարհին մէջ տարբեր ժամանակներու ընթացքին ստեղծուած վիմագրերով: