Մարտ 30-ի առաւօտեան ժամը 8-ին ծայր առած են Շիրակի մարզի Գիւմրի եւ Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքներու Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) արտակարգ ընտրութիւնները:
Գիւմրիի ՏԻՄ ընտրութեան կը մասնակցէին 9 քաղաքական ուժեր՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, Հայաստանի համայնավար կուսակցութիւնը, «Ապրելու երկիր»-ը, «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը, Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւնը, «Եւրոդաշինք»-ը, «Դեմոկրատական այլընտրանք»-ը, «Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինքը և «Իմ հզօր համայնք»-ը:
Գիւմրիի ընտրողներու պաշտօնական թիւը 111 հազար 236 է, իսկ Փարաքարինը՝ 20 հազար 967:
Փարաքարի ՏԻՄ ընտրութեան կը մասնակցէին 4 քաղաքական ուժեր՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, «Միասնութիւն» դաշինքը, «Ազգային առաջընթաց»-ը եւ «Կայունութիւն»-ը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։