ԳԻՒՄՐԻ – Ընտրութիւններէն երեք օր առաջ՝ խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ 

Մարտ 27-ին, Գիւմրիի ընտրութիւններուն մասնակցող ընդդիմադիր երկուքաղաքական ուժերու՝ «Մայր Հայաստան» եւ «Մեր քաղաքը» դաշինքինախընտրական գրասենեակներն ու անդամներու բնակարանները խուզարկուած ենոստիկանութեան կողմէ, որու հետեւանքով արդէն կան ձերբակալուածներ: Այսգործողութիւնները կը կատարուին նախընտրական քարոզչութեան նախավերջինօրը եւ ընտրութիւններէն երեք օր առաջ:

Ըստ «Մայր Հայաստանի» քաղաքապետի թեկնածուին՝ մի՛այն իրենց շարքերէն 12 հոգի ձերբակալուած են: Օրուան երկրորդ կէսին իրաւապահները իր տան մէջձերբակալած են «Մեր քաղաքը» դաշինքի ցանկը գլխաւորող, ընդդիմադիրերեսփոխան Մարտուն Գրիգորեանի հայրն ու որդին: Երեսփոխանի որդին դաշինքինախընտրական ցանկին մէջ արձանագրուած է:

Ըստ ընդդիմադիր երեսփոխան Թագուհի Թովմասեանի՝ Գիւմրիի մէջձերբակալութիւններու հրահանգը տուած է Նիկոլ Փաշինեան

Գիւմրիիի քաղաքապետի ընդդիմադիր թեկնածուներու գրասենեակներուն մէջխուզարկութիւններու, անոնց հետեւած ձերբակալութիւններու հրահանգը, ըստԱզգային ժողովի (ԱԺ) ընդդիմադիր երեսփոխան Թագուհի Թովմասեանի՝ տուած էանձամբ Նիկոլ Փաշինեան, Մարտ 26-ին, ԱԺ-ի մէջ ունեցած իր ելոյթէն ետք։

***

Նշենք, թէ Մարտ 28-ի իրիկունը ձերբակալուածները հարցաքննուելէ ետք ազատ արձակուած են, ներառեալ՝ Մարտուն Գրիգորեանի հայրն ու որդին։ Դատարանը զանոնք «վարչական հսկողութեան» տակ առած է, որ կը սահմանափակէ ենթականերուն ազատ տեղաշարժը եւ քաղաքական գործունէութիւնը։