Հայաստան փոխադրուող հիւանդները այսուհետեւ անցակէտին պիտի քննուին ազերի բժիշկներու կողմէ
Յուլիս 20-ին, Հայաստանի հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան անդրադարձած է Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։
– Գործազուրկներու մեծ բանակ կայ, որ նիւթական առումով ծանրաբեռնած է պետութիւնը։
– Ստեփանակերտի մէջ հանրային երթեւեկութեան միջոցները չեն բանիր։ Նուազագոյն չափով կը փորձենք շրջաններու կապը ապահովել Ստեփանակերտի հետ։
– Կուտակուած աղբերը հաւաքելու դժուարութիւն ունինք, որ կրնայ առողջապահական ու համաճարակային լուրջ հարցեր ստեղծել։
– Գիւղատնտեսական բերքահաւաքի աշխատանքներու 70 տոկոսը անկատար է եւ այլեւս կարելի չէ շարունակել։
Ներսիսեան նշած է թէ ի՛նչ քայլերու կը դիմէ ազերպայճանական կողմը՝ Բերձորի միջանցքին տեղադրուած ապօրինի անցակէտին Կարմիր Խաչի կողմէ հիւանդներու փոխադրութեան ժամանակ, այնտեղ ներգրաւելով ազերի բժիշկներ։
“Ադրբեջանի հնարամտութիւնը սահման չունի։ Ի վերջոյ, մենք հասանք մի կէտի, երբ Ադրբեջանը ադրբեջանցի բժիշկներ ներգրաւեց եւ պայմաններ դրեց Կարմիր խաչի առջեւ, որ Հայաստան մեկնող հիւանդները պէտք է լրացուցիչ բժշկական քննութեան ենթարկուեն անցակէտում։ Սրանք պայմաններ են, որոնք ուղղուած են մեր քաղաքացիների արժանապատւութեան դէմ, նրանց անյարմար դրութեան մէջ դնելու նպատակով։ Եւ ինչպէ՞ս էք պատկերացնում այս պայմաններում մեր քաղաքացիները Ադրբեջանցիների կողմից բժշկական քննութեան ենթարկուելը։ Ես չեմ բացառում, աւելին, համոզուած եմ, որ այդ գործընթացը նոյնիսկ տեսախցիկների տեսադաշտում է լինելու”,– ընդգծած է նախարարը։