ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ – «44. պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան պատերազմը՝ իրողութիւններ եւ հետեւողութիւններ»

Գրեց՝ ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ՝ 2020 թուակա­նի 44-օրեայ պա­տերազ­մի պար­տութիւ­նը հա­մազ­գա­յին աղէտ մըն էր բա­ռին լիակա­տար իմաս­տով, ազ­գա­յին խոց մըն էր ան, որով­հե­տեւ ազա­տագ­րումէն 26 տա­րի ետք կորսնցու­ցինք Ար­ցա­խը, իսկ այս կո­րուստը տուն տուաւ տար­բեր զգա­ցումնե­րու եւ մտա­ծումնե­րու, ան­պա­տաս­խան մնա­ցած բա­զմաթիւ հար­ցումնե­րու։

Այս պա­տերազմն ու անոր հե­տեւան­քները իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սրտին մէջ յա­ռաջա­ցուցին խոր ցաւ մը, որուն պատ­ճա­ռը ո՛չ միայն կո­րուստին ահա­ւորու­թիւնն է, այլ նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ մենք մին­չեւ 2020-ի պա­տերազ­մը եւ պա­տերազ­մի ժա­մանակ իսկ հա­մոզուած էինք, որ ան­կա­րելի է նման բան պա­տահի։

Բազ­մա­թիւ հար­ցումնե­րուն եւ խոր ցա­ւին հիմ­նա­կան դրդա­պատ­ճա­ռը ազ­գո­վին՝ եղա­ծը հասկնա­լու մեր ան­կա­րողու­թիւնն է։ Կո­րուստին հան­գա­մանքնե­րը ըն­կա­լելն ու ման­րա­մաս­նութիւննե­րը ըմբռնե­լը կա­րեւոր են, որ­պէսզի դա­սեր քա­ղենք տե­ղի ու­նե­ցածէն եւ պայ­ծառ հա­յեաց­քով նա­յինք դէ­պի ապա­գայ։

Այդ ու­ղիի փնտռտու­քը դիւ­րին չէ. ար­դա­րեւ, այս քա­ղաքա­կան գզգզու­մին մէջ, մինչ կը բա­ցակա­յի այն ղե­կավա­րու­թիւնը, որ կրնայ աղեր­սուիլ մեր այս ցա­ւին հետ եւ դար­մա­նել զայն, լա­ւագոյն բա­նը, որ կա­րելի է ընել՝ ող­ջա­միտ դա­տողու­թեան կի­րար­կումն է՝ հիմ­նուած փաս­տե­րու վրայ։ Ա՛յս է, որ «44. Պար­տութիւն. 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մը` իրո­ղու­թիւններ եւ հե­տեւու­թիւններ» խո­րագ­րեալ գիր­քը կը ջա­նայ կա­տարել։

*  *  *

Վեր­ջերս Երե­ւանի մէջ լոյս տե­սաւ Ար­ցա­խեան Բ. պա­տերազ­մը վեր­լուծող «44. Պար­տութիւն. 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մը` իրո­ղու­թիւններ եւ հե­տեւու­թիւններ» աշ­խա­տու­թիւնը, հա­մահե­ղինա­կու­թեամբ՝ Վի­գէն Չը­թըրեանի, Կա­րէն Յա­րու­թիւնեանի, Աշոտ Ոս­կա­նեանի եւ Մկրտիչ Կա­րապե­տեանի։

Այս գիր­քը վեր­ջին պա­տերազ­մը վեր­լուծա­կան մօ­տեցու­մով ու տե­սակէտ­նե­րով ներ­կա­յաց­նել մի­տող ու­սումնա­սիրու­թիւն մըն է՝ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէն եւ որո­շումնե­րու կա­յացու­մէն մին­չեւ բա­նակա­շինու­թիւն եւ ռազ­մա­վարա­կան ղե­կավա­րու­թիւն։ Գիր­քին հիմ­նա­կան մա­սը Վի­գէն Չը­թըրեանի ման­րա­մասն վեր­լուծու­թիւնն է, որ հիմ­նուած է քա­ղաքա­կան եւ ռազ­մա­կան գոր­ծիչնե­րու, որո­շում կա­յաց­նողնե­րու, փոր­ձա­գէտ­նե­րու եւ պա­տերազ­մի ուղղա­կի մաս­նա­կից­նե­րու հետ կա­տարուած աւե­լի քան երե­սուն հար­ցազրոյցնե­րու վրայ։

Գիր­քը կը բա­ցայայ­տէ Ար­ցա­խի հա­կամար­տութեան պատ­մա­կան եւ աշ­խարհա­քաղա­քական հա­մածի­րը՝ վեր­լուծե­լով Հա­յաս­տա­նի զի­նուո­րական, քա­ղաքա­կան եւ դի­ւանա­գիտա­կան պատ­րաստուածու­թիւնը պա­տերազ­մէն առաջ։ Հե­ղինակ­նե­րը կը պնդեն, որ հա­կառակ նախ­նա­կան զգու­շա­ցումնե­րուն, լա­րուած իրա­վիճա­կին եւ առ­կայ աշ­խարհա­քաղա­քական փո­փոխու­թիւննե­րուն, որոնք շատ բան կը յու­շեն, Հա­յաս­տա­ն պատ­շա­ճօրէն պատ­րաստ չէր դի­մակա­յելու Թուրքիոյ օժանդակութիւնը վայելող Ազերպայ­ճա­նի լայ­նա­ծաւալ յար­ձա­կու­մին, որու ըն­թացքին օգ­տա­գոր­ծուեցան այնպի­սի ար­դիական սպա­ռազի­նու­թիւն եւ սար­քեր, որոնց դէմ դնե­լու կա­րողա­կանու­թեամբ չէր օժ­տած ինքզինք Հա­յաս­տան։

Աշ­խա­տու­թիւնը դրդուած է պա­տերազ­մի մա­սին աւե­լի ըն­դարձակ հե­տազօ­տական ծրագրէ մը, որ նա­խատե­սուած է հրա­տարա­կել եր­կու ծա­ւալուն հա­տոր­նե­րով՝ հա­յերէն եւ անգլե­րէն լե­զու­նե­րով։ Ի տար­բե­րու­թիւն վե­րոյի­շեալ ծա­ւալուն ու­սումնա­սիրու­թեան, այս գիր­քը կը մի­տի տալ հա­մառօտ, սա­կայն հիմ­նա­ւոր վեր­լուծու­թիւն մը՝ հան­րութեան տրա­մադ­րութեան տակ դնե­լով պա­տերազ­մի աւե­լի յստակ մէկ պատ­կերը եւ իմաս­տա­լից քննարկման հիմք մը։

Գիր­քը լոյս տե­սած է «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ ու հո­վանա­ւորու­թեամբ, Երե­ւանի մէջ՝ «Մարդկայ­նա­կան հե­տազօ­տու­թիւննե­րու կեդ­րոն»-ին կող­մէ։

«Պար­տութիւն» բա­ռով սկսող գիր­քին վեր­նա­գիրը կրնայ կոշտ հնչել ու զգա­յացունց ըլ­լալ շա­տերուս հա­մար, սա­կայն, ինչպէս իմաս­տուն խօս­քը կ՚ըսէ՝ «Ախ­տա­ճանա­չու­մը բուժման կէսն է»։ Ի վեր­ջոյ պէտք է դէմ-յան­դի­ման կանգնիլ իրա­կանու­թեան հետ՝ զայն իմաս­տա­ւորե­լու ապա բա­րելա­ւելու հա­մար։

*  *  *

Գիր­քը նպա­տակ ու­նի ըն­թերցո­ղը դէմ-յան­դի­ման կանգնեց­նել իրա­կանու­թեան հետ, ա՛յն իրո­ղու­թեան, որ մենք պար­տութիւն կրած ենք 44-օրեայ պա­տերազ­մին։ Գիր­քը՝ 44-օրեայ պա­տերազ­մի մեր պար­տութեան առնչուող բա­զմազան հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խաններ տա­լէ աւե­լի, կոչ կ՚ուղղէ հայ հա­սարա­կու­թեան՝ առանց կողմնա­կալու­թեան մտա­ծելու մե­զի պա­տահա­ծին մա­սին, առե­րեսուելու իրա­կանու­թեան հետ եւ խօ­սելու անոր մա­սին, առար­կա­յական քննար­կում կա­տարե­լու եւ այդպէսով դուրս գա­լու քա­ղաքա­կան քաշքշու­քի ծի­րէն։

«Հա­կառակ անոր որ այս բո­լորը շատ ցա­ւալի են, բայց մենք պէտք է մեր մաս­նա­գիտա­կան աշ­խա­տան­քը տա­նինք, որ­պէսզի կա­րողա­նանք ոչ միայն հասկնալ ան­ցեալի սխալ­ներն ու ձա­խողու­թեան պատ­ճառնե­րը, այլ նաեւ այդ բո­լորը օգ­տա­գոր­ծենք այ­սօ­րուան եւ ապա­գայի սխալ­նե­րէն զերծ մնա­լու հա­մար»։ (Վի­գէն Չը­թըրեան)

Ինչպէս հա­մահե­ղինակ­նե­րը կ՚ը­սեն. «Հրա­տարա­կու­թիւնը նպա­տակ ու­նի հան­րա­յին ու­շադրու­թիւնն ուղղել Ար­ցա­խեան երկրորդ պա­տերազ­մի փաս­տա­կան հան­գա­մանքնե­րին՝ վեր­ջիններս հաս­կա­նալով ամե­նալայն իմաս­տով»։ (Աշոտ Ոս­կա­նեան – Եր­կու խօսք)։

«Հար­ցե­րի նպա­տակը ոչ թէ մե­ղաւոր­ներ փնտռելն է, այլ 44-օրեայ պա­տերազ­մի ամ­բողջա­կան պատ­կերն ու­րուագ­ծե­լը։ Իսկ պա­տաս­խաննե­րի որո­նու­մը թոյլ կը տայ թէ­կուզ ու­շա­ցած, բայց դա­սեր քա­ղել»։ (Կա­րէն Յա­րու­թիւնեան)

«Այս աշ­խա­տան­քը մե­ծապէս կա­րող է օգ­նել հե­տազօ­տող­նե­րին ստա­նալու ընդհա­նուր պատ­կե­րը եւ խո­րանա­լու առան­ձին դրուագ­նե­րի մէջ»։ (Կա­րէն Յա­րու­թիւնեան)

*  *  *

«44. Պար­տութիւն. 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մը` իրո­ղու­թիւններ եւ հե­տեւու­թիւններ» գիր­քը կը բաղ­կա­նայ երեք գլուխնե­րէ եւ ու­նի յա­ւելուած 2 գլուխ։

Գիր­քի նե­րածա­կան բա­ժնին մէջ իմաս­տա­սիրու­թեան (փի­լիսո­փայու­թեան) դոկ­տոր, դա­սախօս, «Մարդկայ­նա­կան հե­տազօ­տու­թիւննե­րու կեդ­րոն»-ի նա­խագահ Աշոտ Ոս­կա­նեան կը ներ­կա­յաց­նէ աշ­խա­տու­թեան նպա­տակը (վե­րոյի­շեալ), կա­ռու­ցուածքն ու բո­վան­դա­կու­թիւնը, ան յատ­կա­պէս կը շեշ­տէ, որ տար­բեր եր­կիրներ ներ­կա­յաց­նող հե­ղինակ­նե­րուն մաս­նակցու­թեամբ իրա­կանա­ցած այս աշ­խա­տան­քը ակա­դեմա­կան ման­րա­մաս­նութեամբ կը մօ­տենայ 44-օրեայ պա­տերազ­մի տա­րաբ­նոյթ տե­սան­կիւննե­րուն։ 

«2020-ի պար­տութեան կի­սապա­տաս­խան հար­ցե­րը» խո­րագրով երկրորդ գլու­խին մէջ Կա­րէն Յա­րու­թիւնեան կը բարձրաց­նէ այն հար­ցումը թէ ին­չո՞ւ Հա­յաս­տա­ն այդքան ծանր պար­տութիւն կրեց, որուն իբ­րեւ հե­տեւանք Ար­ցա­խը շրջա­փակուեցաւ ապա ինկաւ թշնամիին ձեռքը, իսկ ար­ցա­խահա­յու­թիւնը են­թարկուեցաւ ցե­ղային զտման։

Ան սկզբնա­կան բա­ժնով նաեւ ընդհա­նուր գի­ծերու մէջ լու­սարձա­կի տակ կը բե­րէ 2021-էն 2024 թուական­նե­րուն այս նպա­տակով անձնա­կան թէ պե­տական մա­կար­դա­կի վրայ իրա­կանա­ցած զա­նազան նա­խաձեռ­նութիւններն ու ու­սումնա­սիրու­թիւնները, որոնք իրենց կար­գին կ՚անդրա­դառ­նան այս նիւ­թին՝ իւ­րա­քան­չիւրը տար­բեր դի­տան­կիւնէ եւ բնա­գաւա­ռի մէջ կը ներ­կա­յաց­նէ ամէն մէ­կուն մօ­տեցումն ու ու­սումնա­սիրու­թեան կի­զակէ­տը։

Կա­րէն Յա­րու­թիւնեան կը նշէ, որ գիր­քի իր բա­ժնին մէջ ներ­կա­յացուած հար­ցումներն ու անոնց պա­տաս­խան գտնե­լու փոր­ձե­րը կա­րեւոր են ոչ միայն հե­տազօ­տող­նե­րուն, «այլ նաեւ նախ եւ առաջ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան հե­տագայ ու­ղե­գիծի պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն հա­մար»։ Նկա­տի ու­նե­նալով, որ պա­տերազ­մի գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը միայն ու միայն այդ օրե­րուն գետ­նի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձութիւննե­րուն ծնունդ ու հե­տեւան­քը չեն, այս բա­ժինով ուղղած հար­ցումնե­րուն ծի­րը կը սկսի նա­խապա­տերազ­մա­կան շրջա­նէն։ 

Կա­րէն Յա­րու­թիւնեանի ուղղած հար­ցումնե­րը թի­ւով 80 են եւ կը բաժ­նուին եօթը հիմ­նա­կան խումբե­րու.

 • Նա­խապա­տերազ­մեան շրջան։

 • 2020-ի Յու­լի­սեան մար­տեր։

 • Պա­տերազ­մի սկիզբ եւ ըն­թացք։

 • Ռազ­մա­կան ղե­կավա­րում եւ որո­շումնե­րու կայացում։

 • Զօր­քե­րու հա­մալ­րում եւ թի­կունքա­յին ապա­հովում։

 • Զի­նատե­սակ­նե­րու կի­րար­կում։

 • Պա­տերազ­մի աւարտ եւ հե­տեւանքներ։

Բա­ժնի աւար­տին, Յա­րու­թիւնեան կը հաս­տա­տէ, որ պա­տերազ­մէն չորս տա­րի ետք Հա­յաս­տան կանգնած է գո­յու­թե­նական իս­կա­կան մար­տահրա­ւէր­նե­րու դէմ-յան­դի­ման։ Ար­դա­րեւ, կոր­սուած է Ար­ցա­խը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան քա­ղաքա­կան ինքնու­թեան հիմ­նա­սիւ­նե­րէն մէ­կը, փուլ եկած է ապա­հովա­կան ճար­տա­րապե­տու­թիւնը, հայ հան­րութեան ու քա­ղաքա­կան վեր­նա­խաւե­րուն մէջ առ­կայ է խոր բե­ւեռա­ցում, ան­ցեալի ու ներ­կա­յի խնդիր­նե­րը անա­չառ քննե­լու, վեր­լուծե­լու եւ դա­սեր քա­ղելու ան­կա­րողու­թիւն։ Այս բո­լորին լոյ­սին տակ ալ գիր­քին ու հար­ցումնե­րուն նպա­տակը մե­ղաւոր­ներ փնտռե­լը չէ, այլ 44-օրեայ պա­տերազ­մի ամ­բողջա­կան պատ­կե­րը ու­րուագ­ծե­լը, պա­տաս­խաննե­րը սեր­տելն ու անոնցմէ դա­սեր քա­ղելը։ 

Գիր­քին առիւ­ծի բա­ժինը կը հան­դի­սանայ Ժը­նեւի հա­մալ­սա­րանի պատ­մութեան եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու դա­սախօս Վի­գէն Չը­թըրեանի՝ «2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մը եւ Հա­յաս­տա­նի պար­տութիւ­նը» խո­րագի­րը կրող վեր­լուծութիւնը։ Ասոր հիմք կը կազ­մեն 2020-2023 թուական­նե­րու իրա­դար­ձութիւննե­րու ան­մի­ջական մաս­նա­կից­նե­րուն եւ/կամ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցած հա­յաս­տանցի եւ ար­ցախցի 31 քա­ղաքա­կան, ռազ­մա­կան գոր­ծիչնե­րու ու մաս­նա­գէտ­նե­րու,– որոնց կար­գին վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի եւ նախ­կին նա­խագահ Սերժ Սարսգեանի,– հետ 35 հար­ցազրոյցնե­րը, որոնք հիմ­նա­կանօ­րէն կա­տարուած են Մա­յիս եւ Հոկ­տեմբեր 2024-ին Երե­ւանի մէջ եւ կեդ­րո­նացած են 2020-ի պա­տերազ­մի մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու հան­գա­մանքնե­րուն վրայ։ 

Ոմանք թերեւս անի­մաստ նկա­տեն ար­ձա­նագ­րուած ծանր պար­տութե­նէն ու հա­յու­թեան կրած ցնցիչ կո­րուստէն ետք վե­րադառ­նա­լը նա­խապա­տերազ­մա­կան եւ պա­տերա­զական փու­լին, պրպտումներ կա­տարե­լը, հար­ցումներ ուղղելն ու պա­տաս­խաննե­րը վեր­լուծե­լը, բայց եւ այնպէս, ինչպէս հար­ցազրոյցնե­րը վա­րած եւ զա­նոնք քննար­կումի նիւթ դար­ձուցած Չը­թըրեան կը հաս­տա­տէ՝ իր զրու­ցա­կից­նե­րը շեշ­տած են. «Ես հի­մա կը խօ­սիմ ձե­զի հետ, որով­հե­տեւ այդ աշ­խա­տանքն ու մտո­րումնե­րը կա­րեւոր են»։ Ու­րեմն, երբ տար­բեր ձե­ւերով պա­տերազ­մին մէջ դե­րակա­տարութիւն ունեցածնե­րը կա­րեւոր կը նկա­տեն այդ աշ­խա­տան­քը, սա կը նշանակէ, թէ ան իրա­պէ՛ս ար­ժէ­քաւոր ու հիմ­նա­կան դեր ու­նե­նա­լու կո­չուած է։ 

Այս գծով Չը­թըրեան կը շեշ­տէ, որ պա­տերազ­մը, պատ­ճառներն ու ծալ­քե­րը սեր­տե­լը կա­րեւոր են, նոյ­նիսկ եթէ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան դաշ­տը կը շա­րու­նա­կէ մնալ բե­ւեռա­ցած եւ ան­տարբեր՝ այդ խնդիր­նե­րուն նկատ­մամբ։ 

Հար­ցումնե­րուն եւ պա­տաս­խաննե­րուն ճամ­բով լու­սարձա­կի տակ կը բե­րուի Հա­յաս­տա­նի ղե­կավար­նե­րուն որ­քա­նով տե­ղեակ եղած ըլլալը ու­ժե­րու հա­ւասա­րակշռու­թեան փո­փոխու­թե­ան, ինչպիսի դա­սեր քա­ղած ըլլալը այս պա­տերազ­մին նա­խոր­դած 2016-ի պա­տերազ­մէն՝ շեշ­տե­լով այն իրա­կանու­թիւնը, որ պա­տերազ­մի շե­մին հայոց մէջ գե­րակշռող էր հա­մոզու­մը, թէ՝ «հայ­կական բա­նակը ան­պարտե­լի է», ինչ որ սխալ պատ­կե­րացում կրնայ ու­րուագ­ծել հե­տագայ իրա­դար­ձութիւննե­րուն ընդառաջ:

Հե­ղինա­կը քննա­դատելի կը նկա­տէ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րուն հա­կումը` ու­րիշնե­րը մե­ղադ­րե­լու եւ սե­փական պա­տաս­խա­նատւու­թիւնը շրջան­ցե­լու. կ՚աւելցնէ, որ ամ­բողջո­վին կը բա­ցակա­յի ինքնաքննա­դա­տու­թեան կա­րեւոր բա­ժինը։ Ըստ անոր՝ հա­յաս­տա­նեան ռազ­մա­կան եւ քա­ղաքա­կան որո­շումնե­րու կա­յաց­ման գոր­ծընթա­ցին մէջ չկայ բա­ւարար բազ­մա­կար­ծութիւն, ինչ որ մա­սամբ պայ­մա­նաւո­րուած է ղե­կավար պաշ­տօննե­րու մէջ կի­ներու բա­ցակա­յու­թեամբ:

Վի­գէն Չը­թըրեան կը շեշ­տէ, որ 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի ըն­թացքին բա­զմազան են հայ­կա­կան կող­մի պար­տութեան ծալքերն ու հան­գա­մանքնե­րը, անոնք նոյ­նիսկ կա­պուած չեն միայն հայ­կա­կան կող­մին, այլ նաեւ թշնա­մինե­րուն, անոնց դաշ­նա­կից­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի դաշ­նա­կից­նե­րուն, իսկ ամէ­նէն կա­րեւո­րը՝ այս բո­լորին մէջ՝ իւ­րա­քան­չիւրի շա­հերուն, հե­տապնդած նպա­տակ­նե­րուն, որոնց բե­րու­մով կը դի­մուի քայ­լե­րու, որոնք ճա­կատագ­րա­կան կ՚ըլ­լան ոչ թէ պա­տերազ­մի ըն­թացքին, այլ անոնց նա­խոր­դող ու յա­ջոր­դող փու­լե­րուն։ Հե­ղինա­կը իր ու­նե­ցած զրոյցնե­րուն ճամ­բով նաեւ լա­ւապէս հասկցած է, որ որո­շում կայացնող եւ դե­րակա­տար հան­դի­սացող ան­ձե­րը իրենց բերած վկա­յու­թիւննե­րու ըն­թացքին չէին գտնուեր այն նոյն վի­ճակին մէջ, որուն են­թա­կայ էին պա­տերազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու ըն­թացքին, չու­նէին մտա­յին եւ հո­գեկան նոյն վի­ճակը, որուն մէջ ըն­կա­լած, վեր­լուծած եւ հա­կազ­դած են օրին։ 

Հե­ղինա­կը ցոյց կու տայ նաեւ, որ այս պար­տու­թիւ­նը միայն ռազ­մա­կան ու քա­ղաքա­կան ղե­կա­վար­նե­րու սխալ­նե­րուն հե­տեւան­քը չէր, այլ աւե­լի խոր­քա­յին՝ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր բար­դուած ու չլու­ծուած հար­ցե­րու անդրա­դարձ է. իբ­րեւ հիմ­նա­կան օրի­նակ ան կը բե­րէ Ազերպայ­ճա­նի տա­րիներ շա­րու­նակ ռազ­մա­կա­նա­ցու­մը, զի­նուո­րական պատ­րաստուածու­թիւնը, անոր դի­մաց Հա­յաս­տա­նի անհա­մապա­տաս­խան պատ­րաստուածու­թիւնը, մա­՛նաւանդ այս դա­րուն, երբ ար­դիակա­նու­թիւնը իր ծան­րակշիռ դերն ու ըսե­լիքը ու­նի։ 

Վի­գէն Չը­թըրեան դի­տել կու տայ, որ, իր այս հե­տազօ­տու­թիւնը նախ­նա­կան եւ հա­կիրճ պատ­կե­ր մը կը փոր­ձէ գծել 2020-ի պա­տերազ­մին մասին, բայց եւ այնպէս կայ անհրա­ժեշ­տութիւն աւե­լի խոր­քա­յին եւ ման­րա­մասն ու­սումնա­սիրու­թիւններ կա­տարե­լու` պա­տերազ­մի ռազ­մա­քաղա­քական պատ­ճառնե­րը, ամ­բողջ ծալ­քե­րը լա­ւապէս ըմբռնե­լու եւ գիտ­նա­լու հա­մար։ 

Վի­գէն Չը­թըրեանի վեր­լուծա­կան հա­րուստ բա­ժինը օժ­տուած է հե­տեւեալ մա­սերով, որոնք աւե­լի մատ­չե­լի ու դիւ­րա­հաղորդ կը դարձնեն ըն­թերցու­մը. 

 • Հա­յաս­տա­նի եւ Ազերպայ­ճա­նի մի­ջեւ ու­ժե­րու հա­ւասա­րակշռու­թեան փո­փոխու­թիւնը

 • Ռազ­մա­վարա­կան մտա­ծողու­թիւն

 • 2016-ի դա­սերը

 • Ար­տա­քին հե­տախու­զութեան բա­ցակա­յու­թիւնը

 • Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւն՝ 2020-ի պա­տերազ­մի արա­գացու­ցի­չը

 • Առաջ­նորդու­թեան ճգնա­ժամ Հա­յաս­տա­նի եւ Ղա­րաբա­ղի մէջ

 • Դի­ւանա­գիտու­թիւն եւ պա­տերազմ

 • Ռու­սաստա­նը 2020-ի պա­տերազ­մի ժա­մանակ եւ յե­տոյ

 • 2020-ի Յու­լի­սի Տա­ւու­շեան բա­խումնե­րը

 • Պա­տերազ­մի 44 օրե­րու մար­տա­կան զար­գա­ցումնե­րը

 • Ջաբ­րա­յիլ (Ջրա­կան). պա­տերազ­մի շրջա­դար­ձա­յին կէ­տը

 • Դէ­պի հրա­դադար

 • Ին­չո՞ւ Հա­յաս­տա­նը պար­տուեցաւ

 • Սպա­ռազի­նու­թեան կո­րուստներ եւ զո­հեր

 • Ռազ­մա­վարա­կան հա­ղոր­դակցու­թեան եւ վեր­լուծու­թեան ձա­խողու­թիւն

 • Պար­տութե­նէն մին­չեւ Ար­ցա­խի ցե­ղային զտում

 • Ղա­րաբա­ղի պաշտպա­նու­թեան բա­նակը եւ հայ­կա­կան զի­նուած ու­ժե­րը

 • Յա­ւելուած՝ զրու­ցա­կից­նե­րու ցան­կը եւ հար­ցազրոյցնե­րու թուական­ներ

*  *  *

Գիր­քին եր­րորդ գլու­խը հան­դի­սացող իր յօ­դուա­ծին մէջ՝ «Ռազ­մա­կան պար­տութի՞ւն, թէ՞ հա­սարա­կու­թեան հա­մատա­րած ճգնա­ժամ» խո­րագ­րով, Աշոտ Ոս­կա­նեան կը քննէ թէ ար­դեօք Հա­յաս­տա­նի պար­տութիւ­նը պար­զա­պէս զի­նուո­րական եւ քա­ղաքա­կա՞ն ձա­խողու­թիւն մըն էր, թէ՞ աւե­լի լայն՝ ըն­կե­րային տագ­նապ։ Ան կը քննար­կէ ապա­տեղե­կատւու­թեան դե­րը, ազ­գա­յին բա­րոյա­կանը եւ կա­ռավար­ման խնդիր­նե­րը, որոնք տկա­րացու­ցին Հա­յաս­տա­նի դի­մադ­րո­ղակա­նու­թիւնը։

Ան իր յօ­դուա­ծին մէջ լու­սարձա­կի տակ կ՚առնէ պա­տերազ­մէն չորս տա­րի ետք դեռ շատ մը բաներու անո­րոշ ու հա­կասա­կան մնալը. թէեւ օտար հե­տազօ­տող­ներ բազ­մա­թիւ վեր­լուծումներ կա­տարած են, բայց եւ այնպէս Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­գիտա­կան փաս­տագրու­թիւն չէ ստեղ­ծուած:

Հայ­կա­կան ղե­կավա­րու­թիւնը եւ վեր­լուծա­կան շրջա­նակ­նե­րը պատ­շաճ կեր­պով չեն գնա­հատած Ազերպայ­ճա­նի ռազ­մա­կան պատ­րաստու­թիւննե­րը: Այս թե­րացու­մը կը բխի քա­ղաքա­կան կա­ռավար­ման կա­ռու­ցա­յին խնդիր­նե­րէն, մաս­նա­ւորա­պէս՝ իշ­խա­նու­թեան կեդ­րո­նացու­մէն:

Ըստ անոր՝ պա­տերազ­մէն ետք տե­ղի ու­նե­ցող հան­րա­յին քննար­կումնե­րը մա­կերե­սային են, ուր քա­ղաքա­կան կող­մե­րը պար­զա­պէս զի­րար կը մե­ղադ­րեն՝ առանց խոր­քա­յին վեր­լուծու­թեան:

Ոս­կա­նեան կը շեշ­տէ, որ հայ հա­սարա­կու­թիւնը պէտք է դի­մագ­րա­ւէ ոչ միայն ռազ­մա­կան պար­տութեան պատ­ճառնե­րը, այլ նաեւ ներ­քին հա­մակար­գա­յին թե­րու­թիւննե­րը, որոնք այս աղէ­տին հիմ­նա­կան պատ­ճառնե­րը եղած են:

Մկրտիչ Կա­րապե­տեանի պատ­րաստած «2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի ժա­մանա­կագ­րութիւ­նը» բա­ցի պատ­մագրա­կան առու­մով իր կա­րեւո­րու­թե­նէն, դէպ­քե­րը կը դա­սաւո­րէ կա­ռու­ցա­յին ձե­ւով, կ՚օգ­նէ ըն­թերցո­ղին հասկնալ դէպ­քե­րու զար­գացման հո­լովոյ­թը յա­ջոր­դա­կանութեան կար­գով, կը յստա­կաց­նէ, թէ ինչպէ՛ս դէպք մը կրնայ ազ­դել յա­ջոր­դին վրայ եւ կապ կը ստեղ­ծէ պատ­ճառնե­րուն ու հե­տեւանքնե­րուն մի­ջեւ։

Հե­տաքննող լրագ­րող Մկրտիչ Կա­րապե­տեան շատ ար­ժէ­քաւոր կեր­պով ըն­թերցո­ղին տրա­մադ­րութեան տակ կը դնէ 2020-ի պա­տերազ­մի 44 օրե­րու ռազ­մա­կան ժա­մանա­կագ­րութիւ­նը, որ ցոյց կու տայ այդ օրե­րուն ռազ­մի դաշ­տին վրայ խո­րացող ան­յա­ջողու­թիւններն ու անոր ամ­բողջո­վին հա­կասող քա­րոզ­չութիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Ղա­րաբա­ղի ռազ­մա­քաղա­քական ղե­կավա­րու­թեան կող­մէ։ 

*  *  *

Գիր­քի աւար­տին տեղ գտած է Հայկ Յով­հաննի­սեանի պատրաստած «Քար­տէս 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու»։ 

Ընդհա­նուր առ­մամբ այս տե­սակի աշ­խա­տու­թիւննե­րու մէջ քար­տէս մը ու­նի մեծ նշա­նակու­թիւն ու ար­ժէք. ար­դա­րեւ, ան կը տրա­մադ­րէ տե­սողա­կան հա­մածիր գրա­ւոր նիւ­թե­րու կող­քին, օգ­նե­լով ըն­թերցող­նե­րուն հասկնա­լ իրա­դար­ձութիւննե­րու աշ­խարհագ­րա­կան հան­գա­ման­քը եւ բա­ցայայ­տե­լ այնպի­սի օրի­նաչա­փու­թիւններ, որոնք գրու­թեան ճամ­բով դժուար է ու­րուագ­ծել։

Քար­տէ­սը ստեղ­ծած Հայկ Յով­հաննի­սեան հե­տաքննող լրագ­րող է, 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի «Ակ­նա­յի» ճա­կատի մաս­նա­կից։

Քար­տէ­սը զու­գա­հեռ կ՚ըն­թա­նայ գիր­քին տուեալ­նե­րուն եւ քննա­կան մօ­տեցումնե­րուն հետ, որով­հե­տեւ գիր­քին մէջ ըն­թերցուա­ծին աւե­լի պատ­կե­րաւոր բա­ցատ­րութիւն կու տայ ձե­ւով մը։ Քար­տէ­սը ոչ միայն կը ներ­կա­յաց­նէ 2020-ին Ար­ցա­խի վրայ ազերպայ­ճա­նական յար­ձա­կումնե­րը եւ մեր՝ հա­յոց պաշտպա­նական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, այլ նաեւ լու­սարձա­կի տակ կ՚առնէ այն գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, որոնք ծրագ­րուած են հայ­կա­կան կող­մէն, սա­կայն այդպէս ալ չե՛ն իրա­կանա­ցուած։

Հե­ղինակ­նե­րու մա­սին

Գիր­քին աւար­տին կա­րելի է ծա­նօթա­նալ հա­մահե­ղինակ­նե­րուն հա­կիրճ կեն­սագրու­թեանց։

*  *  *

Այս աշ­խա­տու­թիւնը գու­ցէ չպա­տաս­խա­նէ 44-օրեայ պա­տերազ­մին եւ անոր հե­տեւանքնե­րուն վե­րաբե­րեալ բո­լոր հար­ցումնե­րուն, սա­կայն ան կա­րեւոր սկիզբ է որոշ հար­ցադրումնե­րու պա­տաս­խա­նի որոն­ման առու­մով։

Քա­ղաքա­կան շա­հար­կումնե­րէն ու հա­սարա­կական կար­ծիքնե­րու հոս­քէն վեր բարձրա­ցած այս ու­սումնա­սիրու­թիւնը կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Իր հա­մատե­սիլ հա­յեաց­քով քննե­լով եւ վեր­լուծե­լով ոչ միայն ռազ­մա­քաղա­քական ղե­կավա­րու­թեան դե­րը, այլ նաեւ հա­սարա­կու­թեան ներգրա­ւուա­ծու­թիւնը, այս գիր­քը կա­րեւոր է ոչ միայն մաս­նա­գիտա­կան շրջա­նակ­նե­րու՝ ռազ­մա­կան վեր­լուծա­բան­նե­րու, քա­ղաքա­կանու­թիւն մշա­կող­նե­րու, պատ­մա­բան­նե­րու հա­մար, այլ նաեւ մե­ր բո­լորին՝ հասկնա­լու հա­մար, թէ ին­չո՛ւ եւ ինչպէ՛ս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ող­բերգա­կան դէպ­քը, տար­բեր հան­գա­մանքներ, տե­սակէտ­ներ, մօ­տեցումներ կար­դա­լով՝ ըն­կա­լելու Ար­ցա­խի կո­րուստը, ինքնաքննար­կում կա­տարե­լու եւ փոր­ձել յա­ռաջ ըն­թա­նալու աւե­լի առար­կա­յական տուեալ­նե­րու վրայ հիմ­նուած։ 

Ան­ցեալի այսպի­սի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը հիմք են՝ ճիշդ գնա­հատե­լու ներ­կան ու կան­խե­լու ապա­գայ ճա­կատագ­րա­կան սխալները։

Վ. Կ. Մ.

«Նոր Յառաջ»