Գրիգորիս եպիսկ. Պալաքեանի «Հայոց Գողգոթան» թարգմանուած է պարսկերէնի

Իրանի մէջ լոյս տեսած է Գրիգորիս եպիսկ. Պալաքեանի «Հայոց Գողգոթան» յուշագրութեան պարսկերէն թարգմանութիւնը, Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ («Հոզէ մաշղ» հրատարակչատուն, 550 էջ)։ Գիրքը Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսի վկայութիւնն է եւ պատմական ուսումնասիրութեան կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանայ։ Հատորը պարսկերէնի թարգմանած է Նորայր Մեհրաբեան եւ խմբագրած՝ Գարուն Սարգսեան։

Գիրքին սկիզբը զետեղուած են Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեանի եւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի ողջոյնի խօսքերը, հրատարակիչին եւ թարգմանիչին նախաբանը, ապա 36 առանձին գլուխներով ներկայացուած են Հայերու ցեղասպանութեան ականատես Գրիգորիս եպիսկ. Պալաքեանի վկայութիւնները։

Պալաքեան սրբազան հայ միւս մտաւորականներու հետ 1915 թուականին ձերբակալուած եւ աքսորուած է։ Ապա ծպտեալ գերմանացիի տեսքով հրաշքով ազատած է եւ երկու տարի յետոյ վերադարձած՝ Պոլիս։ Այնուհետեւ ան փոխադրուած է Եւրոպա։ Ծառայած է իբրեւ հայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդ։ Սրբազան հայրը հետագային դարձած է Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ: Վախճանած  է 1934-ին, Մարսիլիոյ մէջ:

Հեղինակի վկայությունները արժէքաւոր են՝ որպէս հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութեան ականատես եւ վերապրող։ Ան Կոմիտասի, Գրիգոր Զօհրապի, Վարդգէսի, Սիամանթոյի, Ակնունիի, Ռուբէն Սեւակի եւ հազարաւոր աքսորեալներու տառապանքներու վկան եղած է․ Պերլինի մէջ մասնակցած է Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան եւ իր վկայութիւններով մերկացուցած՝ երիտթուրքերու հայաջինջ քաղաքականութիւնը։