Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դաւիթ Բաբայեան՝ Ազէրպայճանի կողմէ Շուշիի եւ Հադրութի բռնագրաւման մասին.– “Մենք մեր հողերէն երբեք չենք հրաժարի”

ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ կայացած հանդիպումին, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան անդրադառնալով Ազէրպայճանի կողմէ Շուշիի եւ Հադրութի բռնագրաւման հարցին, յայտարարած է՝ “Մենք մեր հողերէն երբեք չենք հրաժարի”։

Ան ընդգծած է, թէ նախ պէտք է լուծուին քաղաքական բոլոր խնդիրները: Առաջինը՝ Արցախի ճանաչումն է Ազէրպայճանի կողմէ։ Երկրորդը՝ հայ գաղթականները եւս պէտք է կարենան վերադառնալ Պաքու եւ Ազէրպայճանի այլ քաղաքներ, ուրկէ բռնի տեղահանուած են։ Բաբայեան աւելցուցած է, որ առաջին պատերազմի գաղթականներուն գումարուած են մարդիկ, որոնք կորսնցուցած են իրենց տունը 44-օրեայ պատերազմին։

Պատասխանելով Շուշիի եւ Հադրութի ապագրաւման կարելիութեան մասին հարցումին՝ նախարարը նշած, որ հարցը միշտ օրակարգի վրայ է, այնպէս ինչպէս Ազէրպայճանի կողմէ բռնագրաւուած Շահումեանի, Գետաշէնի, Մարտունիի շրջանի հատուածներու հարցը։ “Մենք կը հաւատանք, որ ուշ թէ կանուխ այդ տեղի կ՚ունենայ, բայց ատոր համար պէտք է աշխատիլ։ Մէկ բան կրնամ ըսել որ մենք երբեք չենք հրաժարի մեր հողերէն”,– շեշտած է նախարարը։

“Պէտք է ապահովուի Արցախի անխափան կապը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ, եւ այդ կապը չի կարող վերահսկուել Ադրբեջանի կողմից։ Այդպիսի բան չի լինի։ Ադրբեջանից խօսակցութիւններ եղան անցակէտի տեղակայման մասին։ Դա բացարձակապէս անընդունելի է”,– եզրափակած է Բաբայեան։