Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դաւիթ Բաբայեան.– “Արցախի կարգավիճակի հարցը ոչ թէ նշաձող է, այլ կարմիր գիծ, որ ոչ մէկն իրաւունք ունի խախտելու” 

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ արձագանգելով Նիկոլ Փաշինեանի Ապրիլ 13-ի յայտարարութեան, շեշտած է, թէ՝ «Արցախի կարգավիճակի հարցը ոչ թէ նշաձող է, այլ կարմիր գիծ: Այն բարձրացնել եւ իջեցնել հնարաւոր չէ»։

Արցախի հանրային հեռատելիսին հետ զրոյցին, ան նշած է, որ Արցախի խնդիրը ոչ թէ Արցախի բնակչութեան, այլ ամբողջ Հայութեան խնդիրն է։

“Մենք ունենք ոչ թէ նշաձողի, այլ «կարմիր գծերի» խնդիր։ Կայ «կարմիր գիծ», որը ոեւէ մէկն իրաւունք չունի խախտելու։ Արցախի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը միակամ են, որեւէ այլ կարծիք չկայ։ Սա Արցախի ժողովրդի կարծիքն է եւ ոչ միայն Արցախի, այլեւ իււրաքանչիւր բնական մարդու, իւրաքանչիւր բնական Հայի, որ Արցախը չի լինելու Ադրբեջանի կազմում”,– յայտարարած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը։