Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Արաբական պետություններու լիկայի խորհուրդի՝ նախարարական մակարդակով 159-րդ նիստին յայտարարած է. “Մեր դրացի Ազերպայճան շարունակաբար կը խեղաթիւրէ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերն ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ՝ յատկապէս այն կազմակերպութիւններու մէջ, ուր Հայաստան ներկայացուած չէ, ինչպէս՝ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը՝ փորձելով անոնց տալ կրօնական երանգ, օգտագործելով իսլամական համերաշխութեան զգայուն գաղափարախօսութիւնը”:
Միրզոյեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է.
“Կ՚ուզէի ելոյթս սկսիլ՝ գոհունակութիւն յայտնելով հայ և արաբ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան կապակցութեամբ: Մեր պատմամշակութային ամուր կապերը կը շարունակեն հիմք ծառայել ներկայի բարեկամական յարաբերութիւններուն, համագործակցութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ ջերմ շփումներուն: Պատմութեան ամբողջ ընթացքին, մեր ժողովուրդները ապրած են կողք-կողքի և բաժնած մէկզմէկու ուրախութիւնն ու վիշտը:
20-րդ դարասկիզբի ողբերգական իրադարձութիւններու ընթացքին հազարաւոր Հայեր, փրկուելով 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութենէն, ապահով ապաստան գտան արաբական երկիրներու մէջ: Այդ դժուար օրերուն Հայերուն կարելիութիւն ընձեռնուեցաւ ապրելու եւ արարելու զիրենք հիւրընկալած արաբական երկիրներուն մէջ: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ այս վերաբերումը: Ես հպարտ եմ, որ մեր հայրենակիցները մեծ ներդրում ունեցած են տարբեր բնագաւառներու մէջ արաբական երկիրներու յառաջընթացին եւ զարգացման գործին:
Կը փափաքիմ արձանագրել, որ Հայաստան, հանդիսանալով հին քաղաքակրթութիւններու բնօրրան, պահպանած է նաեւ իսլամական ժառանգութիւնը, որուն վառ օրինակն են ա՛յն հազարաւոր ձեռագրերը, որոնք կը պահուին «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին՝ Մատենադարանին մէջ: Մեր մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնը մենք հպարտօրէն կը պահպանենք եւ կը ցուցադրենք արաբական ձեռագրեր, որոնք կը ներառեն արաբական գեղագրութեան այնպիսի գլուխգործոցներ, ինչպէս՝ Սուրբ Ղուրանի առաջին գիրերը, կրօնական, փիլիսոփայական, պատմագիտական, բանասիրական բովանդակութիւն ունեցող հազուագիւտ գիրքեր:
Հայաստան եւ արաբական երկիրները սերտ յարաբերութիւններ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն հաստատած են նաեւ պետական մակարդակով։ Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ լիակատար փոխըմբռնում կայ կարեւոր հիմնախնդիրներու, այդ կարգին՝ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթին շուրջ:
Մեր տարածաշրջանին մէջ Հայաստան բանակցութիւններ կը վարէ Ազերպայճանի հետ՝ քննարկելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցեր՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման նպատակով:
Իմ հակիրճ ելոյթին չեմ ուզեր ձեզ ծանրաբեռնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ Հայաստանի ինքիշխան տարածքին դէմ Պաքուի լայնածաւալ յարձակումներու մանրամասնութիւններով, այլ կը ներկայացնեմ ամբողջական գործընթացի ընդհանրական պատկերը:
Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ Հայաստան կը մերժէ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը եւ կը փորձէ իր դրացիներուն հետ բանակցիլ շինիչ դիրքերէ եւ հաւատարիմ կը մնայ բոլոր խնդիրներուն դիւանագիտութեան միջոցով արդար լուծումներ գտնելուն։ Մեր անկեղծ ջանքերուն ի պատասխան, Ազերպայճան կը շարունակէ իր ատելութեան խօսքն ու այլատեացութեան հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ յարձակողական եւ առաւելապաշտական գործողութիւնները:
Այս առնչութեամբ կ՚ուզէի անդրադառնալ վերջին զարգացումներուն: Ինչպէս գիտէք, արդէն աւելի քան երկու ամիս է որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Լաչինի միջանցքը փակուած է ապօրինի կերպով, այսպէս կոչուած, ազերպայճանական «բնապահական» խումբի մը կողմէ, որ ակնյայտօրէն կազմակերպուած է Ազերպայճանի կառավարութեան կողմէ: Աւելի՛ն, այդ երկիրը պարբերաբար կը խափանէ Լեռնային Ղարաբաղ ուժանիւթի եւ կազի մատակարարումները, որոնց հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը յայտնուած են մարդասիրական աղէտի եզրին: Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան երաշխիքներուն շուրջ տեղական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ վարելու փոխարէն՝ Ազերպայճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կոչ կ՚ընէ Արցախահայութեան լքելու իր տուները՝ նպատակ ունենալով զանոնք զրկել հայրենիքէ եւ կեանքի կոչել ցեղային զտումի իր քաղաքականութիւնը”։
Միրզոյեան այնուհետեւ անդրադարձած է Արդարադատութեան միջազգային ատեանին որոշումը չյարգելու Ազերպայճանի կեցուածքին եւ Արցախեան հակամարտութեան կրօնական երանգ տալու Պաքուի փորձերուն, ակնկալելով, որ նման փորձերը կը մերժուին, եւ Հայաստանի բարեկամ արաբական երկիրները չեն ներքաշուիր կրօնական տարակարծութիւններու դաշտ։ Ան ընդգծած է, որ պէտք է կանխել բացառապէս քաղաքական եւ մարդասիրական բնոյթի խնդիրներուն կրօնական երանգ հաղորդելու հետագայ բոլոր փորձերը:
Նախարարը իր ելոյթի աւարտին յայտարարած է. “Կրկին անգամ, Արաբական պետութիւններու լիկային այս հարթակէն կ՚ընդգծեմ, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ արաբական պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն եւ կը վերահաստատէ ձեր երկիրներէն իւրաքանչիւրին հետ համագործակցութեան հեռանկարները ընդլայնելու իր պատրաստակամութիւնը”։