Յունիս 19-ին, Ազերպայճանի պատուիրակութեան ջանքերը՝ խոչընդոտելու Բերձորի միջանցքի հարցին ներառումը Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ամառնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ, տապալուած են: Լուրը կը հաղորդէ ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեան:
«Ճնշող մեծամասնութեամբ ԵԽԽՎ-ն այս հարցը ընդգրկեց ընթացող նստաշրջանի օրակարգին վրայ»,– յայտնած է երեսփոխանը:
Նիւթին շուրջ քննարկումը տեղի կ՚ունենայ Յունիս 22-ին: