Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) կը դատապարտէ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին արձակած անարդար հրահանգը՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ունեցուածքը բռնագրաւելու փորձը։
«Մենք կը դատապարտենք այս արարքը՝ իբրեւ կրօնական ազատութեան դէմ բացայայտ յարձակում եւ Երուսաղէմի սրբավայրերը կառավարելու պատմական statu quo-ի տագնապալի խախտում»,- նշած է ԵՀԽ-ի ընդհանուր քարտուղար, վերապատուելի փրոֆ. դոկտ. Ճերի Փիլէյ։
«Դարերու ընթացքին, Հայոց պատրիարքութիւնը, այլ քրիստոնէական հաստատութիւններու կողքին, պահպանած է Սուրբ Երկրի սրբազան ժառանգութիւնը՝ ծառայելով որպէս հաւատքի, համայնքային ծառայութեան եւ արդարութեան փարոս։ Պատրիարքութեան դէմ ձեռնարկուած բռնի միջոցները ոչ միայն իրաւական եւ բարոյական խայտառակութիւն են, այլեւ վտանգաւոր նախադէպ, որ կը սպառնայ Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնէական հաստատութիւններուն»,– ընդգծած է ան եւ աւելցուցած.
«Մենք կոչ կ’ուղղենք Իսրայէլի կառավարութեան անմիջապէս սառեցնելու բռնագրաւման գործընթացը եւ պահպանելու Երուսաղէմի միջազգայնօրէն ճանչցուած statu quo-ն»։
Փիլէյ թելադրած է միջազգային համայնքին, ներառեալ կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարներուն, վճռական գործողութիւններու ձեռնարկել՝ պաշտպանելու քրիստոնէական համայնքներու հիմնական իրաւունքները եւ երաշխաւորելու Սուրբ Երկրին՝ բոլորին համար իբր երկրպագութեան, խաղաղութեան եւ համակեցութեան վայր գոյատեւումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։