Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եղիշէ Կիրակոսեան. «Հայաստան ական չէ զետեղած իր ինքնիշխան տարածքի սահմաններէն դուրս» 

 

Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ ընթացող Հայաստան ընդդէմ Ազերպայճանի դատավարութեան ընթացքին՝ միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան հակադարձելով ազերպայճանական պնդումներուն, յայտարարած է, թէ Հայաստան երբեք ական չէ զետեղած իր ինքնիշխան տարածքի սահմաններէն դուրս։

Ըստ Կիրակոսեանի՝ Ազերպայճան նման յայտարարութիւններով «իր չարաշահումներէն ուշադրութիւնը շեղելու նոր փորձ կը կատարէ»։

Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Ազերպայճան միշտ «հայելիի արտացոլման» մարտավարութիւն կը կիրարկէ՝ Հայաստան դատարան կը դիմէ, ետեւէն Ազերպայճան ալ նոյն քայլը կ՚առնէ։

“Այսօր, երբ Հայաստան Ատեան դիմած է մարդասիրական ճգնաժամի հետ կապուած միջանկեալ միջոցներու գործադրման համար, որու պատճառը հայ բնակչութիւնը խեղդամահ ընելու շարունակական փորձերն են, Ազերպայճան կը փորձէ համարժէքութեան կեղծ տպաւորութիւն ստեղծել”,– աւելելցուցած է ան՝ վստահեցնելով, որ Հայաստան իր ինքնիշխան տարածքին ական զետեղած է բացառապէս պաշտպանական նպատակներով՝ նկատի ունենալով Ազերպայճանի կողմից կրկնուող յարձակողական գործողութիւնները։

Ըստ Կիրակոսեանի՝ այն ականները, որոնց դէմ կը բողոքէ Ազերպայճան, հաւաքուած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, որ բռնագրաւուած է ազերպայճանական ուժերուն կողմէ 2022 թուականին։