Հայերը, ի մասնաւորի Արցախցիները՝ որո՞ւ հոգը
Աւելի քան վեց ամիս է կը վրդովինք, կը գայթակղինք, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհին՝ Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն Ալիեւի հետ կազի մատակարարումը կրկնապատկելու վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրեց եւ այդ առթիւ ալ Ազերպայճանը որակեց «վստահելի գործընկեր»։ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս իսկ ու անկէ դուրս բազմաթիւ խիստ ելոյթներ, անթիւ, անհամար յայտարարութիւններ եղան, հայկական եւ ոչ-հայկական շրջանակներէ՝ այդ քայլը դատապարտող, դեռ վերջերս Արցախի կիներն ալ բաց նամակ մը յղեցին վոն տեր Լեյէնին, միամտօրէն յուսալով որ…
Եւ ահա Եւրոպայի պատասխանը. ո՛չ միայն բնաւ ականջ չէ կախած ցասման արտայայտութիւններուն, խիստ դատապարտումներուն, այլեւ ընդհակառակն՝ ան կը պատրաստուի ա՛լ աւելի ծաւալելու այդ գործընկերութիւնը Ազերպայճանի հետ։ Այս մասին թուիթըրեան իր գրառումով Փետրուար 3-ին հպարտօրէն կը տեղեկացնէր Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերու յանձնակատար Քատրի Սիմսոն, որ կը գրէր.-
«Հանդիպում ունեցայ Ազերպայճանի Տնտեսութեան նախարար Միքայիլ Ճապպարովի հետ։ Քննարկեցինք բազմաթիւ հարցեր, սկսած՝ Հարաւային կազատարի (SouthernGasCorridor) ընդլայնումէն մինչեւ վերականգնուող ուժանիւթի խթանման եւ մեթանի արտանետումներու կրճատման վերաբերեալ մեր միացեալ աշխատանքը:
Լաւ առիթ մը, որ կը վերահաստատէ մեր համագործակցութիւնը»:
ինչպէս կ՚երեւի «զղջում»-ի, կամ սխալէն վերադարձի դոյզն միտումն իսկ չկայ եւրոպական կողմն աշխարհի, ընդհակառակն։
Ծերակուտական Ռըթայօ. «Եւրոպական Միութեան եւ Ազերպայճանի միջեւ կազի համաձայնագրի նախագիծը հարուած մըն է Հայերու թիկունքին»
Ֆրանսացի ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայօ թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով՝ Եւրոպական Միութեան եւ Ազերպայճանի միջեւ կազի համաձայնագրի նախագիծը հարուած մըն է Հայերու թիկունքին։
«Մենք չենք կրնար պաշտպանել զոհերը՝ դահիճներու հետ սակարկելով։ Ֆրանսայի անունով Էմանիւէլ Մաքրոն պէտք է դատապարտէ այս չարագործ համաձայնագիրը»,– գրած է ծերակուտականը։
Երեսփոխանուհի Անն-Լոռանս Փեթէլ. «Դադրեցէ՛ք սիրաշահելէ բռնապետերը. մեզի ազերպայճանական կազ պէտք չէ»
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խումբի նախագահուհի Անն-Լոռանս Փեթէլ թուիթըրեան իր էջին տեղադրած գրառումով՝ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհի Ուրսուլա վոն տեր Լայընին եւ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերու յանձնակատար Քատրի Սիմսընին կոչ ըրած է դադրելու բռնապետերը սիրաշահելէ։
«Կը բաւէ խայտառակել Եւրոպական Միութիւնը։ Մեզի ազերպայճանական կազ պէտք չէ։ Մենք պէտք է Եւրոպական Միութեան մէջ վերականգնուող ուժանիւթ արտադրենք եւ պէտք է աջակցինք հայկական ժողովրդավարութեան»,– գրած է Փեթէլ:
Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն. «Եւրոպա կը հրճուի ա՛լ աւելի կազ գնելով բռնապետութենէ մը. ամօ՛թ»
Նոյն առիթով, «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն ալ թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը կատարած է.-
«Այս ընթացքին, կարծէք թէ ոչինչ կը պատահի, կարծէք թէ Պաքուի մեղքով չէ, որ 120.000 Արցախի Հայերու մահուան վտանգ կը սպառնայ, Եւրոպական Միութիւնն ու անոր յանձնակատարները կը հրճուին աւելի շատ կազ գնելով եւրոպական արժէքներուն հակոտնեայ բռնապետութենէն։ Ամօ՛թ»։