Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երբ Վատիկան կը յօժարի դառնալ Ազերպայճանի քարոզչութեան գործիք

«Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողով՝  պապական Գրիգորեան համալսարանին մէջ

Գիտէինք, թէ Վա­տիկան տա­րինե­րէ ի վեր առ­նուազն մեղմ ու բա­րեացա­կամ վե­րաբե­րում կը ցու­ցա­բերէ Ազեր­պայճա­նի նկատ­մամբ, հա­կառակ այդ երկրին Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ յար­ձա­կողա­կան կե­ցուած­քին, հա­յոց դէմ գոր­ծած զազ­րե­լի ոճիր­նե­րուն ու հա­յապատ­կան քրիս­տո­նէական բո­լոր ար­ժէքնե­րու դէմ սան­ձա­զեր­ծած պայ­քա­րին, Ար­ցա­խի հա­յաթափ­ման եւ անոր հո­գեւոր ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան կազ­մա­կեր­պեալ ոչնչաց­ման ուղղուած քա­ղաքա­կանու­թեան։ Ազեր­պայճա­նի մէջ պա­պական նուիրակ Ֆե­քեթէ եպիս­կո­պոս ալ որ­պէս հա­ւատա­րիմ զի­նուո­րը Վա­տիկա­նի՝ իր «հա­մեստ լու­ման» կը բե­րէ այս անըն­դունե­լի վար­քին, Պա­քուի կող­մե­րէն յա­ճախ փո­ղը հնչեց­նե­լով Ալիեւի բռնա­պետա­կան վար­չա­կազ­մին ու մե­ծապէս սա­տար հան­դի­սանա­լով վեր­ջի­նիս հրա­պարակ նե­տած սու­տե­րու եւ կեղ­ծիքնե­րու «պաշ­տօ­նակա­նաց­ման»։ Կրօ­նական ար­ժէքնե­րու ու սե­փական հա­ւատ­քի դէմ այս մեղ­քը կը գոր­ծուի յա­նուն դրա­մի՝ նաւ­թա­տոլար­նե­րու, որոնց ծո­րակը Վա­տիկա­նի առ­ջեւ լայն բա­ցած է Պա­քու, «Հեյ­տար Ալիեւ» հիմ­նադրա­մի մի­ջոցով. այստեղ՝ այ­սինչ շի­նու­թեան վե­րանո­րոգ­ման ստանձնում, այնտեղ՝ այ­նինչ պատ­մա­կան կո­թողի վե­րակա­ռուցման գան­ձատրում…։ (Հոս, փոքր փա­կագիծ մը բա­նալով հարկ է խոս­տո­վանիլ Ալիեւ որ­դիի յա­ջողու­թիւնը, որ ճատ­րա­կի խա­ղի մը նման՝ տա­րիներ առաջ հե­ռատե­սու­թիւնը ու­նե­ցած է սի­րաշա­հելու Վա­տիկա­նը. մօ­տեցում մը, որ ինքզինք կ՚ար­դա­րաց­նէ այ­սօր ու ներ­կա­յի կա­ցու­թա­ձեւին մէջ կու տայ իր պտուղնե­րը)։ 

Հա­կառակ այս բո­լոր իրո­ղու­թիւննե­րուն, Վա­տիկան միշտ ալ փոր­ձած է ան­կողմնա­կալ ու անա­չառ երե­ւիլ, հայ­կա­կան տե­սան­կիւնէն՝ իր այս կամ այն քննա­դատե­լի քայ­լին կամ դիր­քո­րոշ­ման վրան ամէն ան­գամ ծած­կե­լով՝ խա­ղաղու­թեան, հա­մերաշ­խութեան կո­չերով։ 

Բայց այս ան­գամ նոր փուլ մը թե­ւակո­խուած է։ Վա­տիկա­նի հե­ղինա­կաւոր ու մա՛նա­ւանդ նուիրա­կան Գրի­գորեան հա­մալ­սա­րանը (Pontificia Università Gregoriana – PUG), իր եր­դի­քին տակ՝ «Քրիս­տո­նէու­թիւնը Ազեր­պայճա­նի մէջ. պատ­մութիւն եւ ար­դիակա­նու­թիւն» խորագ­րեալ գի­տաժո­ղովով մը հիւ­րընկա­լած է ազեր­պայճա­նական զեղ­ծա­րար քա­րոզ­չութիւ­նը, որ կը մի­տի հայ­կա­կան դա­րաւոր ժա­ռան­գութիւ­նը եր­կու սու­տով ու մէկ կեղ­ծի­քով խլել իր տէ­րերէն ու վե­րագ­րել աղուան­նե­րուն, միաժա­մանակ իրա­կանու­թեան ճիշդ հա­կապատ­կե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան, որ իբր թէ Ազեր­պայճան այն հողն է, ուր կրօն­նե­րը կը կե­նակ­ցին հա­մերաշ­խա­բար, ազատ ու ան­կաշ­կանդ…։

Բայց եւ այնպէս, ներկայ երեւոյթի պարագային՝ կայ վիճարկման բաց այլ հարց մըն ալ. արդեօք միակ մեղաւորը Վատիկա՞նն է։  

Հայ­կա­կան յու­շարձան­նե­րու ոչնչաց­ման ազեր­պայճա­նական իւ­րա­քան­չիւր արար­քի մօ­տէն հե­տեւող «Monument Watch» կազ­մա­կեր­պութիւ­նը այս առ­թիւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ հնչեցուցած իր ահա­զանգին մէջ կ՚անդրադառնայ նաեւ այդ պարագային։ Ստորեւ՝ 

«ԱՀԱ­ԶԱՆԳ

Այս պա­հուն Վա­տիկա­նի Սուրբ Աթո­ռի պա­պական Գրի­գորեան հա­մալ­սա­րանին մէջ տե­ղի կ’ու­նե­նայ մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղով մը՝ “Քրիս­տո­նէու­թիւնը Ազեր­պայճա­նի մէջ. պատ­մութիւն եւ ար­դիակա­նու­թիւն” խո­րագ­րով։ Մին­չեւ այ­սօր ոչ մէկ հա­յագի­տական կազ­մա­կեր­պութիւն տե­ղեակ էր այս գի­տաժո­ղովին մա­սին։ Տաս­նեակ­նե­րով փոր­ձա­գէտ­ներ եւ հե­տազօ­տող­ներ զա­նազան եր­կիրնե­րէ (Թուրքիա, Ղա­զախստան, Ուզպէ­քիս­տան, Հա­րաւա­յին Գո­րէա, Ռու­սաստան, Լե­հաս­տան, Իտա­լիա, Վրաս­տան, Գեր­մա­նիա, Ֆրան­սա, Գա­նատա, Միացեալ Նա­հանգներ եւ Լի­թուա­նիա) հա­մախմբուած են գի­տաժո­ղովի մը առի­թով, որուն նպա­տակն է ջնջել հա­յոց պատ­մութիւ­նը, մշա­կոյ­թը եւ ներ­կա­յու­թիւնը Ազեր­պայճա­նի տա­րած­քին վրայ։ Հայ­կա­կան յու­շարձան­նե­րը՝ իրենց հա­րիւ­րա­ւոր հայ­կա­կան ար­ձա­նագ­րութիւննե­րով, կը ներ­կա­յացուին իբ­րեւ կով­կա­սեան աղուանա­կան յու­շարձան­ներ։ Անոնց շար­քին՝ Ամա­րասը, Գան­ձա­սարը, Դա­դիվան­քը եւ ու­րիշներ։

Մենք նաեւ վերապահ ենք այս ոլոր­տին հմուտ որոշ ծա­նօթ հե­տազօ­տող­նե­րու մաս­նակցու­թեան, մինչ անոնք լա­ւապէս կը գի­տակ­ցին, որ ոչ մէկ հայ հե­տազօ­տող կը մաս­նակցի այս գի­տաժո­ղովին եւ ոչ մէկ խօսք կը հնչէ հա­յերու մա­սին։ Մենք կ’ար­տա­յայ­տենք մեր բո­ղոքն ու մտա­հոգու­թիւնը հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի պահ­պանմամբ մտա­հոգ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն եւ հա­մայնքնե­րուն, մի­ջազ­գա­յին գի­տական հան­րութեան եւ մեր իշ­խա­նու­թիւննե­րուն, որոնք թոյլ կու տան, որ մեր յի­շողու­թիւնը, պատ­մութիւ­նը եւ մշա­կոյ­թը այսպէս աննկատ մնան եւ ան­տե­սուին։

“Monument Watch” նախագիծի խումբ»