Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երեւանի թիւ 180 դպրոցը անուանակոչուած է նշանաւոր արձակագիր, հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանի անունով

Երեւանի թիւ 180 դպրոցը այսուհետեւ պիտի կրէ 20-րդ դարու գրող, հրապարակախօս, գրականագէտ, ազգային-հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանի անունը:

Մայիս 22-ին, դպրոցի անուանակոչութեան հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:

“Խորհրդանշական է, որ անուանակոչութիւնը տեղի է ունենում ի պատիւ մեր պատմութեան ուժեղ կանանցից մէկի՝ Զապէլ Եսայեանի: Նա բազմաթիւ առումներով կարող է օրինակ ծառայել մեր կանանց ու աղջիկներին՝ առաջ գնալու եւ յաջողութիւններ արձանագրելու համար: Զապէլ Եսայեանի կերպարը ուսանելի է նաեւ տղաների համար՝ տեսնելու, թէ ինչպիսի կանայք կան իրենց կողքին եւ ինչպէս կարող են միասին այդ ուժն օգտագործելով՝ հզօրանալ ու նաեւ զօրեղացնել մեր երկիրը”,– շնորհաւորական իր խօսքին մէջ նշած է Ժ. Անդրէասեան:

Տիգրան Աւինեան եւս ընդգծած է Զապէլ Եսայեան գործչին ուղենշային դերին կարեւորութիւնը: