Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 23-ին սկսած են ՀԱՊԿ-ի նիստերը

Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 23-ին սկսած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Արտաքին գործոց նախարարներու, Պաշտպանութեան նախարարներու և Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու միատեղ նիստը։

Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի վեհաժողովը, որուն մասնակցած են Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Քիրկիզստանի եւ Տաճիկստանի նախագահները։

Հայաստանի վարչապետը իր ելոյթը սկսած է կրկին անգամ քննադատելով ռազմական այս կառոյցին գործունէութիւնը։

Ընդգծելով, որ ՀԱՊԿ-ն աջակցութիւն չցուցաբերեց Հայաստանին՝ Փաշինեան շեշտած է՝ “մինչդեռ Հայաստան մէկ գիշերուան մէջ աջակցեցաւ Ղազախստանին, ինչ որ թոյլ տուաւ Աստանայի խուսափիլ քաղաքացիական պատերազմի քաոսէն”։

“Հայաստան կ՚աւարտէ ՀԱՊԿ-ի մէջ իր նախագահութեան շրջանը։ Թէեւ տարին յոբելինական էր (կ՚ակնարկէ ՀԱՊԿ-ի հիմնադրութեան 30-ամեակին – «ՆՅ»), բայց Հայաստանի համար երբեք ալ յոբելինական չէր։ Երկու տարուան մէջ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւնը նուազագոյնը երեք անգամ յարձակման ենթարկուեցաւ Ազերպայճանի կողմէ, եւ փաստօրէն մինչեւ հիմա մենք ՀԱՊԿ-էն որեւէ արձագանգ չենք ստացած Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ, եւ ատիկա մեծ հարուած կը հասցնէ ՀԱՊԿ-ի վարկին”,– ընդգծած է Հայաստանի վարչապետը՝ այդ կեցուածքը ՀԱՊԿ-ի ամէնէն մեծ անյաջողութիւնը նկատելով։