2023 Յունիս 6-էն 13 Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Խաչատրեան» 19-րդ միջազգային մրցոյթը, որ ընդհանրապէս կը ծառայէ դաշնակի, ջութակի, թաւջութակի, խմբավարութեան եւ երգի մասնագիտութիւններուն մէջ յայտնաբերելու տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ:
«Խաչատրեան» մրցոյթը հայ դասական երաժշտութիւնը յայտնի դարձնելու հարթակներէն է եւ վերջին 18 տարիներուն իր արժանի տեղը գրաւած է միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթներու կարգին, ուր կրնան ելոյթ ունենալ եւ մրցիլ երիտասարդ տաղանդները: Ան՝ 2013-էն ի վեր կ՚անդամակցի Համաշխարհային երաժշտական միջազգային մրցոյթներու դաշնակցութեան (WFIMC)՝ հանդիսանալով Հայաստանի մէջ կառոյցին անդամակցող միակ մրցոյթը։
Այս տարի մրցոյթը նպատակ ունի ներկայացնելու երիտասարդ դաշնակահարները: Առաջին մրցանակակիրը կ՚արժանանայ 10.000 տոլարի համարժէք դրամական պարգեւի, երկրորդ տեղը գրաւող մասնակիցը’ 5.000, իսկ երրորդը՝ 3.000: Նախատեսուած են նաեւ յատուկ մրցանակներ, որոնց մասին պիտի յայտարարուի մրցոյթի փակման արարողութեան ընթացքին:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամը՝ 2023 Ապրիլ 30-ն է:
Մանրամասնութիւնները արձանագրուած են մրցոյթի պաշտօնական կայքէջին վրայ.