Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան հրաժարած է իր պաշտօնէն

Մարտ 17-ին, Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան յայտարարած է, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն։

“Ուզում եմ յայտնել իմ հրաժարականի մասին, միեւնոյն ժամանակ տեղեկացնելով որ շարունակելու եմ լինել «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան հետ, աշխատելով մեր պետութեան կայացման զարգացման ուղղութեամբ”,– ըսած է ան, յոյս յայտնելով, որ ՔՊ կուսակցութիւնը յանձին՝ քաղաքապետի թեկնածու Տիգրան Աւինեանի, կը ստանայ երեւանցիներու վստահութեան քուէն եւ կարելիութիւն կ՚ունենայ իրագործելու համայնքին համար յոյժ կարեւոր ծրագրերը։

Նշենք, թէ Սարգսեան  Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը կը վարէր 2021 Դեկտեմբեր 22-էն ի վեր։