ԵՐԵՒԱՆ – Արցախցիները կը դիմեն Զուիցերիոյ՝ նախաձեռնելու իրենց վերադարձի հարցով միջազգային քննարկումներու

Մարտ 13-ին, Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան դիմաց համախմբուած արցախցիները խնդրանքով դիմած են այդ երկրի խորհրդարանի վերին պալատին՝ բանաձեւ որդեգրելու, որպէսզի Զուիցերիոյ կառավարութիւնը Արցախի ժողովուրդի վերադարձի հարցով միջազգային քննարկման նախաձեռնէ։

Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատին մէջ Մարտ 18-ին սպասուող քննարկումներու ենթախորքին վրայ նախօրեակին Արցախի օրէնսդիրները հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էին՝ նշելով, թէ կը պատրաստուին դիմելու Զուիցերիոյ կառավարութեան՝ անկէ խնդրելու համար Արցախէն բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքին շուրջ միջազգային քննարկումներու նախաձեռնել:

Քննարկումներու օրակարգին վրայ միջազգային վերահսկողութեամբ կամ միջազգային հիմնական դերակատարներու երաշխիքներով Ազերպայճանի եւ Արցախի հայերու միջեւ երկխօսութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ հայերու ապահով վերադարձի հարցերը արձանագրուած են։

Արցախի խորհրդարանի ներկայացուցիչները կ՚ակնկալեն, որ քննարկումներու աւարտին բանաձեւ կ՚որդեգրուի, յետոյ արդէն Զուիցերիոյ կառավարութիւնը յստակ քայլերու կը դիմէ: