Երեւան եւ Թեհրան զուգորդուած քաղաքներ հռչակուած են

 

Պաշտօնական այցով Իրանի մայրաքաղաք այցելած Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան Յունուար 18-ին հանդիպում ունեցած է Թեհրանի քաղաքապետ՝ Ալիռեզա Զաքանիի հետ:

Պաշտօնական հանդիպումին յաջորդած է Երեւանն ու Թեհրանը զուգորդուած քաղաքներ հռչակող համաձայնագրի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը: Սարգսեան եւ Զաքանի ստորագրած են նաեւ երկու մայրաքաղաքներու միջեւ աշխատանքային նախագիծը, որով կողմերը պիտի համագործակցին քաղաքաշինութեան, մշակոյթի, բնապահութեան, քաղաքային տնտեսութեան եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ:

Աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին ու ջերմ ընդունելութեան համար՝ Երեւանի քաղաքապետը իրանցի իր պաշտօնակիցը փոխադարձ այցով հրաւիրած է Երեւան։