Նոյեմբեր 30-ին, Երեւանի «Լեւոն Շանթ» թիւ 4 դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է հայ մեծանուն գրող, թատերագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Համազգայինի հիմնադիր Լեւոն Շանթի դիմաքանդակի բացման արարողութիւնը։
Ներկայ եղած են Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզան Առաքելեան եւ հանրային գործիչ, ՀՅԴ-ի անդամ, խմբագիր, հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեան։
Ելոյթ ունեցած է Արտաշէս Շահբազեան։
Ռուզան Առաքելեան դպրոցի գրադարանին նուիրած է Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած գիրքերը։