Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – «Ոսկէ Ծիրան» 20-րդ միջազգային փառատօնին պաշտօնական բացումը կատարուած է

Յուլիս 9-ին, «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային շքեղ համալիրին մէջ, «Յետ նայելով ապագային» խորագրով շարժարուեստի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային 20-րդ փառատօնին բացումը կատարուած է, մասնակցութեամբ այս բնագաւառին մէջ միջազգային համբաւ վայելող նշանաւոր արուեստագէտներու:

Այս տարուան փառատօնի պատուոյ հիւրերէն են՝ ճափոնցի հանրայայտ բեմադիր Թաքեշի Քիթանօ, Գաննի «Ոսկէ Արմաւենի»-ի կրկնակի դափնեկիրներ՝ պելճիքացի Տարտեն եղբայրները, ինչպէս նաեւ Լոքառնոյի փառատօնի «Ոսկէ Յովազ»-ի դափնեկիր, փորթուկալցի բեմադիր Փետրօ Գոսթա։ 

Յատկապէս հրաւիրուած են նաեւ Գաննի փառատօնի մրցանակակիր, ղազախստանցի բեմադիր Սերկէյ Տվորցեվոյ եւ նախկին խորհրդային տարածաշրջանի ֆիլմարուեստի մասնագէտ Ժոէլ Շափրոն։

«Ոսկէ Ծիրան 2023»-ի բացման օրը՝ նախքան Ճեսիքա Վուտվորթի «Լուքա» ֆիլմին ցուցադրութիւնը, տեղի ունեցած է «Փարաջանովեան թալեր(*)» մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը, որ այս տարի տրուած է Տարտեն եղբայրներուն եւ Թաքեշի Քիթանոյին:

Փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 16-ին:

(*) Արծաթեայ դրամ մը, որ ԺԶ. դարէն սկսեալ շրջանառութեան մէջ մնացած է շուրջ չորս դար։