Երեւան պաշտօնապէս Պաքուին կ՚առաջարկէ խաղաղութեան համաձայնագիրն ու ԵԱՀԿ ՄԽ-ի լուծման դիմումը միաժամանակ ստորագրել

Ապրիլ 15-ին, Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, թէ Երեւան պաշտօնապէս Պաքուին կ՚առաջարկէ խաղաղութեան համաձայնագիրն ու Մինսքի խումբի (ՄԽ) կառոյցները լուծելու մասին ԵԱՀԿ-ին ուղղուած միատեղ դիմումը ստորագրել միաժամանակ։

Ազերպայճան Հայաստանի առջեւ նախապայման դրած է՝ նշելով, թէ մինչեւ Մինսքի խումբը չլուծուի եւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չփոխուի, Պաքու պիտի չստորագրէ խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Փաշինեան կ՚ըսէ, թէ Մինսքի խումբի լուծումը հասկնալի օրակարգ է Հայաստանի համար։

“Եթէ մենք կը փակենք ԼՂ հակամարտութեան էջը,– եւ մենք ա՛յդ է որ կ՚ընենք,– ի՞նչ իմաստ ունի հակամարտութեամբ զբաղող կառոյցի գոյութիւնը։ Բայց Մինսքի խումբը տէ ֆաքթօ ունի աւելի լայն համածիր եւ մենք կ՚ուզենք համոզուած ըլլալ, որ Ազերպայճան ՄԽ-ի լուծումը չի դիտարկեր որպէս Հայաստան-Ազերպայճան հակամարտութիւնը Ազերպայճանի տարածքին փակելու եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք փոխադրելու քայլ։ Փարատելու համար այս մտավախութիւնը մենք Ազերպայճանին կ՚առաջարկենք խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ ՄԽ-ի կառոյցները լուծելու մասին ԵԱՀԿ-ին ուղղուած միատեղ դիմումը ստորագրել միաժամանակ։ Այսինքն, սեղանին դնել երկու փաստաթուղթերն ու նոյն պահուն ստորագրել երկուքն ալ։ Սա պաշտօնական առաջարկ է”,– ըսած է Փաշինեան։