ԵՐԵՒԱՆ – «Վազգէն. վերջին սպարապետը» խորագրեալ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը

Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրուան նշումը՝ Մարտ 5-ին, Հայաստանի մէջ ծայր առած է «Վազգէն. վերջին սպարապետը» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ։ Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով նկարահանուած կենսագրական ֆիլմին առանցքին կը գտնուի Վազգէն մարդը, որդին, զգայուն հօրեղբայրը, տաղանդաւոր գրողը, սիրող տղամարդը, ռազմական եւ պետական գործիչը։ Կը ներկայացուին անոր կեանքի գրեթէ բոլոր փուլերը, որոնք միահիւսուած են երկրի նորագոյն պատմութեան նշանակալի իրադարձութիւններուն հետ։

«Մոսկուա» թատրոնին մէջ տեղի ունեցած ցուցադրութենէն ետք, գլխաւոր արտադրող եւ մտայղացման հեղինակ Նոնօ Սարգսեան, որ Վազգէն Սարգսեանի եղբօր դուստրն է, խոստովանած է, թէ իր հօրեղբայրը պիտի զայրանար որ իր մասին ֆիլմ պատրաստուած է, քանի որ չէր սիրեր, երբ իրեն նուիրուած կենացներ կը խմէին, իրեն նուիրուած երգեր կ’երգէին։

Ֆիլմին մէջ կը պատկերուի Վազգէն Սարգսեանի մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, անոր անցած ծանր ու յաղթանակներով լի ճամբան, ողբերգական մահը, սակայն Նոնօ Սարգսեան լաւատես նոթով մը աւարտած է ժապաւէնը, քանի որ կը կարծէ, թէ Վազգէն Սարգսեանի նման մարդիկ տակաւին կան, իսկ կեանքը կը շարունակուի, հետեւաբար պէտք է չյուսահատիլ, շարունակել հօրեղբօր գործը։

Ֆիլմը կոչած են «Վազգէն. վերջին սպարապետը», քանի որ Վազգէն Սարգսեան 20-րդ դարու վերջին սպարապետն էր։