Երզնկայի Դերճան գաւառի Ապրանք վանքի այսօրուան վիճակը 

Երզնկայի Դերճան գաւառին մէջ կառուցուած Ապրանք վանքը ձգուած է ճակատագրի քմահաճոյքին։ Akunq.net/am-ի համաձայն՝  այս մասին ահազանգած է թրքական «Aydınlık» լրատու կայքը։

Ըստ աղբիւրին՝ եկեղեցւոյ մուտքի դռան վրայ նշուած է կառոյցին հիմնադրութեան թուականը՝ 1854։

Լրասփիւռը շեշտած է նաեւ ճարտարապետական առումով եկեղեցւոյ ներկայացուցած արժէքը եւ յայտնած, որ հակառակ գանձագողերու աւերածութիւններուն՝ եկեղեցին եւ կից մատուռը կանգուն մնացած են եւ հասած մեր օրերը։

Նոյն աղբիւրը ընդգծած է տաճարի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը՝ տեղւոյն զբօսաշրջութեան զարգացման ծառայեցնելու նկատառումով։

Վանքի 2 խաչքարերուն վրայ առկայ են բազմաթիւ հայերէն գրութիւններ: 4 մեթր բարձրութիւն եւ 1 մեթր լայնք ունեցող խաչքարերէն մէկուն վրայ փորագրուած է 1191, իսկ միւսին վրայ 1194 տարեթիւերը։