Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երկդիմի քաղաքական կեցուածքներ

Սեպտեմբեր 13-ին, ազերական յարձակումներուն ժամանակ գերեվարուած հայ զինուորներու դաժան սպանութեան տեսագրութիւնը հասարակական, քաղաքական ու դիւանագիտական աշխարհը յուզած կը թուի ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս Թոյվօ Քլաար՝ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ վրացական ճգնաժամի յատուկ բանագնացը, սարսափ յայտնելէ ետք Ազերներու կողմէ հայ գերիներու սպանդին վերաբերեալ, կատարած է թուիթըրեան տմարդի հետեւեալ գրառումը. «Այսօր ինծի ուղարկեցին քանի մը տեսանիւթեր, որոնք, ըստ երեւոյթին, ցոյց կու տան Ազերպայճանցիներու դէմ կատարուած ռազմական ոճիրներ։ Ասոնք նոյնպէս պէտք է հետաքննուին, եւ եթէ վաւերական են, յանցագործները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուին։ Հակամարտութիւնը երկու կողմերուն վրայ ալ խոր վէրքեր թողած է, եւ բուժելու համար անհրաժեշտ է հաշուետւութիւնը»։

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչին կողմէ նման յայտարարութիւն՝ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ խժդժութիւններու տեսանիւթի հրապարկման վաղորդայնին՝ ուղղակի ծաղրանք է մարդկային իրաւունքներու եւ բարոյականութեան։ Թ. Քլաար այսպէսով կը յաջողի Ազերիներու յանցագործութիւնը «հաւասարակշռել» հայկական կողմի ենթադրեալ յանցագործութիւններով, մինչ առաջին անգամ ըլլալով՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Սեպտեմբեր 13-14-ի ազերական յարձակումները դատապարտուեցան ԱՄՆ-ու, եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու, նո՛յնիսկ Ռուսաստանի կողմէ, որոնք ցայժմ միշտ ջանացած են Հայերու եւ Ազերիներու հանդէպ հաւասարութիւն պահպանելու դիրքերէ մօտենալ։

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը սակայն միակը չէ, որ երկդիմի խաղ կը խաղայ Հայերուն հանդէպ։ Նոյնն է պարագան Ռուսաստանի եւս, հանդէպ Հայաստանի։ Երբ մէկ կողմէ Փութին կ՚արդարացնէ Ռուսաստանի չէզոք դիրքորոշումը 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին, պատճառաբանելով Արցախի միջազգայնօրէն ճանչցուած հողամաս չըլլալու հանգամանքը, միւս կողմէ երբ Ազերպայճան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակում կը գործէ՝ Ռուսաստան կը դրժէ իր խոստումը, իր դաշնակցային պարտականութիւնները չի կատարեր, այս անգամ ալ պատճառաբանելով սահմանազատման բացակայութիւնը։

Երանի միայն օտարներու դիրքորոշումները ըլլային երկդիմի։ Հայաստանի Բ. նախագահին,– որ խորհրդարանական «Հայաստան» դաշինքի կնքահայրն է,– Սեպտեմբեր 28-ի ասուլիսին հնչեցուցած կարգ մը յայտարարութիւնները ցոյց կուտան նաեւ հայ քաղաքական դէմքերու երկդիմի դիրքորոշումը, եւ այս պարագային՝ Ռ. Քոչարեան Ռուսաստանի պետական շահերու կատարեալ պաշտպանը կը հանդիսանայ, երբ կը հաստատէ թէ՝ «այսօր Ռուսաստանը անելու է ամէնէն հնարինը, բախում չլինելու համար Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ»։ Եւ ո՞ւր մնացին Հայաստանի պետական շահերը։ Ո՞ւր մնաց որպէս ռազմական դաշնակից՝ Հայաստանի հանդէպ Ռուսաստանի պաշտպանութեան յանձնառութիւնը։ Քոչարեան, որ դեռ անցեալ տարի Հոկտեմբեր 4-ին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին՝ կը փայփայէր Ռուսաստանի հետ միացեալ երկիր կազմելու հեռանկարը։ Անոր իշխանութեան օրօք Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող պետական կարեւորագոյն ունեցուածքը պարտքի դիմաց յանձնուեցաւ Ռուսաստանին։

Ռազմագերիներու սպանութենէն, հարիւրմիլիոնաւոր տոլարներու զինամթերքի գնումին չմատակարարուելէն, Արցախի ճակատագրին անորոշ մնալէն եւ armtimes.am կայքէջի՝ իր հաւաստի աղբիւրին յղում կատարելով լոյս ընծայած՝ Հայաստան-Ազերպայճան բանակցութեան սեղանին Ազերիներու կողմէ դրուած հինգկէտանի պահանջներէն դատելով, ոչ մէկ նախկին կամ ներկայի նախագահ կամ քաղաքական գործիչ իրաւունք ունի յոխորտալու, որ ինք աւելի յաջող ելքեր կը գտնէր Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու։ Իւրաքանչիւրը իր իշխանութեան օրօք թող իր գործը պարկեշտօրէն կատարած ըլլար եւ այսօր Հայաստան այս անճար վիճակին մէջ չէր յայտնուեր։ Այս առումով, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իրաւունք ունի պնդելու, որ պահն է լրջանալու՝ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն ձեռք-ձեռքի աշխատելու։ 

Ժ.Չ. ■