Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը վնաս պատճառած է նաեւ Թուրքիոյ Հաթայ նահանգը գտնուող հայկական երեք եկեղեցիներուն, մէկը ամբողջութեամբ փլած է: Լուրը կը հաղորդէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը։
Քըրըքխանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ կը գտնուէր կիսաւեր վիճակի մէջ (փլած էր միայն տանիքը), ամբողջովին փլած է:
Վաքըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութիւնը բարեբախտաբար չէ վնասուած, բայց քանդուած է ներսի մէկ հատուածը և դուրսը գտնուող աղբիւրին քովի պատը:
Իսքենտերունի (Ալեքսանտրեթ) Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին նոյնպէս ներսի մասը կրած է վնասներ, զորս կարելի է վերանորոգել: