ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ – Պատարագ, խաչքարի օրհնութիւն՝ Հայֆայի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութիւն՝ Երուսաղէմի մէջ

2025 Մարտ 1-ին, Հայֆայի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ ուխտի պատարագ մատուցած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանի եւ Սուրբ Թէոդորոս ձեռագրատան տեսուչ՝ Արշակ աբեղայ Ղազարեան։ «Հայր մեր»-էն առաջ քարոզած է Թէոդորոս եպիսկոպոս Զաքարեան։

Յաւարտ պատարագի կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Արծրունիներու թագաւորական տոհմի եւ Բեկ-Փիրումովներու իշխանական զինուորական տոհմի շառաւիղ՝ Էմիլ Փիրումովի հոգւոյն յիշատակին։ Ապա տեղի ունեցած է Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգուցեալ Էմիլ Փիրումովի նուիրատւութեամբ զետեղուած երկու խաչքարերու օրհնութեան արարողութիւնը՝ ձեռամբ Թէոդորոս եպիսկոպոսի, առընթերակայութեամբ Արշակ աբեղայի եւ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ տեսուչ՝ Տիրայր քահանայ Յովակիմեանի։

Աւարտին Հայֆայի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սրահին մէջ Էմիլ Փիրումովի հոգւոյն համար հոգեճաշ տրուած է։

Խաչքարերու նուիրատուն՝ հանգուցեալ Էմիլ Փիրումով, ապրելով եւ աշխատելով Մոսկուայի մէջ՝ միշտ կապուած էր հայրենիքին։ Երբ անոր մտերիմ բարեկամ, այժմ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած մեծանուն բարերար՝ Ռուբէն Վարդանեան Հայաստանի մէջ բարեսիրական ծրագրերու ձեռնարկեց, Էմիլ անմիջապէս փութաց Հայաստան եւ ղեկավարեց Տաթեւի վանական համալիրի «ՏաԹեւեր» կոչուած ճոպանուղիի կառուցումը։ Իսկ կառուցումէն ետք Էմիլի անունը փորագրուեցաւ յուշատախտակին, իբրեւ բարերարներէն մին։ Անոր մասնակցութեամբ կառուցուած է նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը։

ԲՈՒՆ  ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մարտ 2-ին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը նախագահութեամբ լուսարարապետ Սրբազան Հօր, տօնախմբած է Բուն Բարեկենդանը։

Տօնի առաւօտուն Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ կատարուած են գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ, ապա համաձայն վերջին տասնամեակներու կարգադրութեան՝ Աւագ խորանին վրայ պատարագ մատուցած է Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի աւագ լուսարար Բարսեղ ծ. վարդապետ Գալէմտէրեան։

***

Բարեկենդան բառացի կը նշանակէ կենդանութիւն, բարի կեանք: Բարեկենդանին կը թոյլատրուի, չափաւոր վայելքներ, խրախճանքներ, խաղեր եւ ուտեստեղէններ` հետեւելով Եղիա մարգարէին ուղղուած հրեշտակի խօսքին. «Ելի՛ր, կե՛ր, որովհետեւ քու երթալու ճամբադ երկար է» (Գ. Թագ. 19:7):

Մեծ պահքի բարեկենդանը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան: Բարեկենդանը մարդու այն երջանկութեան յիշատակն է, որ դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամ ու Եւա: Ան նաեւ դրախտային կեանքի օրինակն է, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացառութեամբ բարիի եւ չարի` գիտութեան ծառի պտուղէն, որ պահքի խորհրդանիշն է:

Բարեկենդանն առաքինութիւններու արտայայտութիւնն է: Այդ օրը մարդիկ սուգէն կ’անցնին ուրախութեան, չարչարանքէն` խաղաղութեան: Այս ընկալմամբ է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հոգիի խոնարհումով, ապաշխարութեամբ, պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կը սկսի Մեծ պահքի 40-օրուայ ճանապարհը՝ Քառասնորդականը, որ իրականութեան մէջ կը տեւէ 48 օր՝ Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան՝ Զատիկի տօնը, ներառելով նաեւ Ծաղկազարդին յաջորդող շաբաթը:

Պահքի շրջանին կրնանք ուտել միայն բուսական ծագում ունեցող սնունդ: Հաւատացեալները պարտին հրաժարիլ ոչ միայն որոշակի կերակուրներէ, այլեւ մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ եւ այլ մեղքերէ: Կերակուրէն հրաժարիլը՝ առանց մեղքէն ետ կենալու, անօգուտ է:

Մեծ Պահքի 40 օրերը կը խորհրդանշեն անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի եւ ծոմապահութեան շրջանը: Յիսուս Ինքզինք ծոմապահութեան ենթարկեց մարդկային ցեղի փրկութեան համար, մարդկութեան փոխարէն Ինք ապաշխարեցաւ, որպէսզի բոլոր պահեցողութիւն ընողներուն ապաշխարանքը իմաստ ստանայ Իր ծոմապահութեան շնորհիւ: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ յաւելեալ մէկ շաբթուան շրջան՝ Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ: