«Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ապա Վեհարանի տարածք խուժելու եւ հոն աննախադէպ իրավիճակ առաջացնելու մասին: Չէինք կարծեր, թէ հարցը ի վերջոյ հոդ կը հասնի, սակայն իրականութիւնը կարծէք պայթեցաւ յանկարծ, ռումբի մը չափ ուժգին եւ ցնցիչ սաստկութեամբ:
Կացութիւնը անդառնալի վիճակի մը հասած է, սակայն կոչ կ’ընենք անյապաղ երկուստեք նահանջելու, գէթ կանգ առնելու այն կէտին՝ ուր մեզ հասցուցած են վերջին դէպքերը։ Եւ կանգ առնելու՝ հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ, առանց նոր լարուածութիւն ստեղծելու, սթափ եւ զուսպ հոգիով, այլապէս այս ճանապարհը, եթէ շարունակուի, մեզ պիտի առաջնորդէ անդունդ։ Ուստի պէտք է խնայել թէ՛ Ազգին, եւ թէ՛ Եկեղեցիին՝ խուսափելու համար նոր եւ աւելի ծանր աղէտներէ, Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի մէջ նոր բաժանումներ եւ պառակտումներ ստեղծելու վտանգէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աղօթարան ու սրբարան է, «կերպարանք Աստուծոյ անքանակ էութեան», ինչպէս պիտի ըսէր Նարեկացի։ Ան դարերով Հայուն պետականութիւնը եղած է, առանց պետական իրաւունքի, առանց զօրքի եւ ոստիկանի, բարոյապէս թագաւորելով մարմնապէս հալածուած եւ ընկճուած հոգիներու վրայ, իր ազդեցութեան շրջանակին մէջ պահելով բախտէն այրիացած սերունդները Հայուն: Ան կրօնական նուիրապետութեան մը կեդրոնը չէ միայն, այլեւ Հայուն հոգեւոր հայրենիքը:
Հետեւաբար, յանուն Սրբոց Յակոբեանց Զինուորեալ Միաբանութեան խստագոյնս կը դատապարտենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայոց Սրբութիւն Սրբոցի հանդէպ վերջին օրերու ամօթալի եւ անպատուաբեր դրսեւորումներն ու գործողութիւնները: Լիայոյս ենք, որ Մայր Աթոռը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը համաձայն վանական եւ եկեղեցական օրէնքներու՝ յարգելով ՀՀ օրէնքները, իսկ ՀՀ իշխանութիւնն ալ կը վերահաստատէ փոխադարձ յարգանքը՝ հանդէպ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալի:
Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ հայցելով Բարձրեալի օգնականութիւնը եւ մաղթելով Հայոց Հօրը երկար օրեր:
Աղօթարար՝
Նուրհան արք. Մանուկեան
Հայոց պատրիարք Երուսաղէմի»
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։