Յունուար 26-ին, Երուսաղէմի մէջ շուրջ 30-40 հրեայ ծայրայեղականներ յարձակած են Միհրան Գրիգորեանին պատկանող հայկական ճաշարանին վրայ, վնաս հասցուցած են գոյքին։ Անոնք պոռացած են «մա՛հ քրիստոնեաներուն», «մա՛հ արաբներուն»։
Գրիգորեան լրասփիւռներուն հաղորդած է, թէ դէպքը տեղի ունեցած է երեկոյեան ժամը 22.30-ի մօտերը եւ տեւած է շուրջ 5 վայրկեան, մինչեւ ոստիկաններուն հասնիլը։ Ծայրայեղականները վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած են եւ սեղան-աթոռները նետած են ճաշարանի աշխատողներուն վրայ։ Բարեբախտաբար վիրաւոր կամ տուժած չկայ։
“Այս առաջին դէպքը չէ, որ ծայրայեղականներ նման վարքագիծ կը դրսեւորեն։ Անոնք պարբերաբար հարուած կը հասցնեն ոչ-հրեայ բնակիչներուն։ Ընտրութիւններէն ետք մթնոլորտը աւելի շիկացած է, փոքրամասնութիւնները կը նեղեն, մարդոց գոյքին վնաս կը հասցնեն եւ պատժուող չկայ։ Պէտք է բողոք ներկայացնենք։ Յունուար 28-ին, ճաշարանի դրացնութեամբ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ”,– ըսած է Գրիգորեան։
Նշենք, թէ հրեայ ծայրայեղականները Յունուար 11-ին ալ Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքի պատերուն եբրայերէնով գրած էին «մա՛հ Հայերուն», «մա՛հ քրիստոնեաներուն», «վրէժ»։ Երուսաղէմի հայկական հոգեւոր դասի նկատմամբ գրգռութիւնները միշտ եղած են. միջադէպերը երբեմն ծեծկռտուքի վերածուած են։