Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Երուսաղէմի փոխքաղաքապետին այցը Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում դիւանապետին հետ

Ապրիլ 10-ին, Երուսաղէմի փոխքաղաքապետ՝ Ատիր Շվարց, ընկերակցութեամբ Եաիր Տանի այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած դիւանապետ՝ Աղան վարդապետ Գոգչեանի հետ։

Այցի ընթացքին քննարկուած է քրիստոնէական հաստատութիւններու կամ հոգեւորականներու ուղղութեամբ հրեայ ծայրայեղականներու թքելու տհաճ երեւոյթը, որ Հին քաղաքին մէջ նոր բան մը չէ, բայց վերջին տարիներուն թափ ստացած է, մասնաւորապէս խաղաղ եւ հանգիստ հայկական թաղամասին կեդրոնը գտնուող գլխաւոր փողոցին վրայ։

Շվարց ինք ականատես եղած է այդ երեւոյթին, երբ պատրիարքարանի դիմաց՝ վանքին դռան առջեւ, կը սպասէր Հայր Աղանի հետ հանդիպման։ “Երիտասարդ մը վանքի դռան առջեւէն անցած ատեն ցուցադրական կերպով երկու անգամ թքեց։ Ես իմ աչքերով տեսայ այդ վիրաւորանքը, զոր կրեց ներս մտնող հոգեւորականներէն մէկը։ Սա ամօթալի է, չեմ կրնար հաւատալ, թէ այդ արարքը կատարուեցաւ հրէութեան անունով, որովհետեւ այդ ոչ միայն հրէութիւն չէ, այլ նաեւ Իսրայէլի հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի”,– իր խօսքին մէջ ըսած է փոխքաղաքապետը։

Արժեւորելով Երուսաղէմի փոխքաղաքապետի ղեկավար պաշտօնը՝ Ատիր Շվարց ըսած է․ “Մեր երկիրը ղեկավարելը նաեւ բարոյական պատասխանատւութիւն է։ Պատասխանատւութիւն՝ հանդուրժող եւ յարգալից վերաբերում ունենալու ոչ-հրեաներու նկատմամբ, պայքարելու այն արատաւոր երեւոյթներուն դէմ, որոնք չեն արտացոլեր մեր կրօնական արժէքները եւ Երուսաղէմի հոգին”։ 

Հանդիպման աւարտին փոխքաղաքապետը յոյս յայտնած է, որ ինչպէս վերջին տարիներուն որոշ յաջողութիւններու հասած են այս երեւոյթը նուազեցնելու ուղղութեամբ, պիտի շարունակեն աւելիով իրենց կարելին ընել՝ կրթութեամբ, վերահսկողութեամբ եւ անձնական օրինակներով դրական փոփոխութիւններ արձանագրելու համար։