Յունիս 9-ին, Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով մը:
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կողմէ ներկայ գտնուած են Կորիւն եպիսկոպոս Պաղտասարեան, Վազգէն վարդապետ Ալէքեան, Աղան վարդապետ Գոգչեան եւ Սիոն աբեղայ Թաքուշեան, իսկ Երուսաղէմի Հայ համայնքին կողմէ՝ Գէորգ Նալպանտեան: Ներկայ եղած է նաեւ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Արման Յակոբեան:
Պատրիարքութեան կողմէ խօսք առած է դիւանապետ՝ Աղան վարդապետ Գոգչեան:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։