Պատրիարքարանը կը հակադարձէ
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին պատկանող «Կովերու պարտէզ»-ի երկար ժամանակով վարձակալման հարցով արձանագրուած են նոր լուրջ զարգացումներ։
Ըստ Ամմանի մէջ լոյս տեսնող «Ճորտըն Թայմզ» թերթին՝ Յորդանան եւ Պաղեստինեան իշխանութիւնները Մայիս 11-ին յայտարարած են, որ կ՚առկախեն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի ճանաչումը, նշեալ կալուածին գծով անոր որդեգրած որոշումներուն համար, «որոնք կրնան ազդել քաղաքի ապագային վրայ»։
Յիշեցնենք, որ վերջերս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կարգալոյծ հռչակուեցաւ վերոյիշեալ կալուածին համաձայնութեան շուրջ դերակատարութիւն ունեցած Պարետ ծ. վրդ. Երէցեան, որ նախապէս կալուածոց տեսուչի պաշտօնը կը վարէր։ Նշուած էր, որ որոշումը կապ ունի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի համաձայնագրին վերաբերեալ անոր «շարք մը խարդախութիւններուն եւ խաբեբայութիւններուն» հետ։
Այս կապակցութեամբ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը Մայիս 12-ին հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«2023 Մայիս 12-ին, հրատապ հրաւիրուած Տնօրէն ժողովը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Մայիս 11-ին ընկերային ցանցերու միջոցաւ շրջանառութեան մէջ դրուած, ապա շարք մը յորդանանեան եւ պաղեստինեան օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած այն լուրին առնչութեամբ, ըստ որուն, Յորդանանի Հաշիմական թագաւորութիւնը եւ Պաղեստինեան կառավարութիւնը որոշած են սառեցնել Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի պատրիարքական ճանաչումը։ Առաւել զարմանալին եւ մտահոգիչը այն է, որ այս լուրը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Կովերու պարտէզ»-ի խնդրի հիմնական պատասխանատու կալուածոց տեսուչ նախկին Պարետ ծ. վարդապետ Երէցեանը պաշտօնէն հեռացնելէ եւ Տնօրէն ժողովին կողմէ զայն կարգալոյծ հռչակելու եւ վանքէն արտաքսելու որոշումէն ետք։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը եւ Տնօրէն ժողովը իրենց կարելին կ՛ընեն անվտանգ պահելու Հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքի շահերը»։