Երուսաղէմի Հայ պատրիարքութեան դիւանապետ՝ Աղան վարդապետ Գոգչեան անդրադառնալով ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Սուրբ Յարութեան տաճար այցելութեան՝ կը հաղորդէ, թէ նախարարին այցը պաշտօնական չէր եւ ան եկած էր պատարագին մասնակցելու նպատակով։
«Ներկայացուցինք Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան հարցը, անոնց մեկնումին առնչուող մտահոգութիւնները։ Մարքօ Ռուպիօ նշեց, թէ մեծ թիւով քրիստոնեաներ, ի շարս որոնց հայեր, արդէն հեռացած են Սուրիայէն, Լիբանանէն ու մերձաւորարեւելեան այլ երկիրներէն, եւ ԱՄՆ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ քրիստոնեաները չմեկնին Իսրայէլէն՝ վերոյիշեալ երկիրներու օրինակը չկրկնելու համար։
ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեզի՝ մեր ծառայութեան ու ջանքերուն համար՝ խոստանալով իր ուշադրութեան կեդրոնը պահել մեր արծարծած խնդիրներն ու կրկին այցելել»,– կը նշէ Պատրիարքութեան դիւանապետը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։