Եւրոպական Խորհրդարանի հրապարակած նոր բանաձեւի նախագիծը կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի (ԼՂ) մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաև՝ Ազէրպայճանին կոչ կ՚ուղղէ պաշտպանելու այդ ժառանգութիւնը:
Բանաձեւի նախագծին մէջ մասնաւորաբար ընդգծուած է.-
«Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի ընթացքին ազէրպայճանական ուժերու կողմէ յարձակման ենթարկուած են բազմաթիւ կրօնական վայրեր, ինչպէս՝ Ջրականի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը: Հեյտար Ալիեւի եւ աւելի ուշ անոր որդի՝ Իլհամ Ալիեւի օրօք Ազէրպայճան ոչնչացուցած է շուրջ 100 հայկական եկեղեցի, հազարաւոր խաչքարեր, տասնեակ հազարաւոր տապանաքարեր եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կառոյցներ՝ Նախիջեւանի մէջ: Այս արարքները կը վկայեն, թէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կրնայ նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, նկատի ունենալով, որ Ազէրպայճանի իշխանութիւնները կը հերքեն Նախիջեւանի շրջանի հայկական մշակութային վայրերու առկայութիւնը:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2347 (2017) բանաձեւին համաձայն՝ ապօրինի յարձակումները կրօնի, կրթութեան, արուեստի, գիտութեան, ինչպէս նաեւ պատմական յուշարձաններու վրայ ռազմական յանցագործութիւն կը սեպուին և նման յարձակումներուն հեղինակները պէտք է պատժուին»:
Բանաձեւը ԻՒՆԷՍՔՕ-ին եւս կոչ կ՚ընէ ամբողջութեամբ գնահատելու ԼՂ-ի մշակութային ժառանգութեան կացութիւնը՝ զինեալ հակամարտութիւններու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին Լա Հէյի 1954-ի համաձայնագրի շրջածիրին մէջ։ Բանաձեւը Եւրոպական Միութեան ալ այս ուղղութեամբ աջակցելու կոչ կ՚ուղղէ։
Փաստաթուղթը Հայաստանին եւ Ազէրպայճանին կը յորդորէ համագործակցիլ միջազգային հետաքննական մարմիններուն հետ եւ կատարել իրենց պարտականութիւնները՝ ըստ Լա Հէյի վերոնշեալ համաձայնագրին:
Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ բանաձևը Ազէրպայճանին կոչ կ՚ուղղէ համագործակցելու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հետ՝ ապահովելով փաստահաւաք առաքելութեան անարգել մուտքը:
Խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթով՝ Ազէրպայճանին կոչ կ՚ուղղուի նաեւ պաշտպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջաններուն մէջ՝ ամբողջութեամբ կատարելով Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը, մասնաւորապէս՝ զերծ մնալով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելէ, կամ հայկական պատմական մշակութային ներկայութիւնը վերացնելէ, կամ Հայերու մուտքը արգիլելէ և այլն:
Բանաձևը կը յորդորէ երկու երկիրներու,– յատկապէս Ազէրպայճանի,– կառավարութիւններուն դադրեցնել ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան քարոզչութիւնը՝ դասագիրքերու, ընկերային ցանցերու եւ, Ազէրպայճանի, այսպէս կոչուած «Ռազմական աւարի պուրակի»-ն միջոցով, եւ աշխատիլ երկու հասարակություններու միջեւ վստահութեան եւ մէկզմէկու մշակոյթին նկատմամբ յարգանքի վերականգնումի ուղղութեամբ։
Բանաձեւը կը յորդորէ նաև նոր ջանքեր գործադրել՝ երկու երկիրներու միջև վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու և կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար: