Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպական խորհրդարանը նոր զեկոյցներով կը դատապարտէ Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի յարձակողական քայլերը

Եւրոպական խորհրդարանը Մարտ 15-ին հրապարակեց Եւրոպական Միութիւն–Ազերպայճան եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու վերաբերող զեկոյցներ, ուր կ՚անդրադառնայ Արցախեան հակամարտութեան եւ Ազերպայճանի կողմէ գործադրուած յարձակողական քայլերուն։ 

Եւրոպական Միութիւն-Ազերպայճան զեկոյցին մէջ կ՚ըսուի, որ «2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք կնքուած հրադադարը չէ պահպանուած, աւելին՝ ան խախտուած է քանի մը անգամ ՝ յանգեցնելով հարիւրաւոր զոհերու եւ Ազերպայճանի զօրքերու կողմէ Հայաստանի արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման»։

Փաստաթուղթին մէջ կը յիշատակուին Բերձորի միջանցքէն քաղաքացիներու երթեւեկելու արգելքը, սեպտեմբերեան մարտերու ընթացքին ռազմագերիներու խոշտանգումները, 2020-ին եւ 2021-ի սկիզբը քաղաքացիական անձերու՝ տարեցներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուեյարդարները:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աշխուժ դերակատարութիւն ունենալու՝ որպէս վստահելի առեւտրային գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար՝ իր գործողութիւնները հիմնելով ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ յարգանքը յառաջ մղելու հոլովոյթին վրայ»,– կ՚ըսեն զեկոյցին հեղինակները՝ աւելցնելով, որ Ուքրաինայի մէջ Ռուսաստանի ծաւալած հակամարտութիւնը ազդեցութիւն  ունեցած է Հարաւային Կովկասի վրայ եւ ա՛լ աւելի բարդացած է տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակը:

Զեկոյցը կ՚անդրադառնայ նաեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ Ազերպայճանի առաջարկած հինգ սկզբունքներուն եւ անոնց առնչութեամբ Հայաստանի արձագանգին, կը յիշատակուի նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ 2021 Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը՝  Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ուղղութեամբ Ազերպայճանի իշխանութիւններու ներգրաւման առնչութեամբ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Արցախի շուրջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հակամարտութիւնը խոչընդոտ հանդիսացած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի զարգացման ու կայունութեան եւ աւելի լայն իմաստով ազդած է Եւրոպական կայունութեան վրայ:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագրին առնչութեամբ, դատապարտած է Պաքուի մէջ, այսպէս կոչուած, «Ռազմական աւարներու պարտէզ»-ի բացումը, ողջունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայելու շուրջ համաձայնագիրը եւ խրախուսած Հայաստանի եւ Ազերպայճանի քաղաքական ղեկավարներու միջեւ երկկողմ շփումները:

Միեւնոյն ատեն կ՚ընդգծուի, որ Ազերպայճանի հետ քաղաքական եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործընկերութիւնը խորացնելէ առաջ Ազերպայճան պէտք է բարելաւէ մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու հետ առնչուած իրավիճակը, որ «տակաւին կը գնահատուի շատ բացասական»: Անդրադարձ  կատարուած է նաեւ Ազերպայճանի մէջ առկայ եղծանման, կիներու դէմ բռնութիւններուն, խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն:

Եւրոպական խորհրդարանի զեկոյցին մէջ մա՛նաւանդ կ՚ընդգծուի Ազերպայճանի պարտաւորութիւնները Արդարադատութեան միջազգային ատեանի 2023 Փետրուար 22-ի որոշումը կատարելու վերաբերեալ, որ Պաքուէն կը պահանջէ ձեռնարկել իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներուն՝ Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրատար միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը ապահովելու համար։ Այս շրջածիրին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՚ընէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի դէմ, եթէ Ատեանի որոշումը անյապաղ չկատարուի։

Զեկոյցին մէջ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանականները ափսոսանք կը յայտնեն, որ երկու կողմերուն՝ ԵՄ-ի եւ Ազերպայճանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը կը կեդրոնանայ միայն ուժանիւթային համագործակցութեան վրայ եւ ենթակայ չէ որեւէ պայմանի։

Աւելին, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը կը դատապարտէ Թուրքիոյ առաւելապաշտական եւ ապակայունացնող դերը Հարաւային Կովկասի մէջ, ներառեալ՝ սուրիացի վարձկաններ ուղարկելու միջոցով, որոնք ազերպայճանական կողմին միանալով կռուեցան Արցախի դէմ: Եւրոպական խորհրդարանը Թուրքիոյ կոչ կ՚ընէ կառուցողական դեր խաղալու տարածաշրջանին մէջ եւ վերանայելու Ազերպայճանին իր անվերապահ աջակցութիւնը: Կ՚ընդգծուի նաեւ թէ Թուրքիա պէտք է շօշափելի քայլերու ձեռնարկէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Եւրոպական խորհրդարանը երկու կողմերուն, յատկապէս Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընէ զերծ մնալու թշնամական հռետորաբանութենէ կամ գործողութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ որպէս ատելութիւն կամ բացայայտ բռնութիւն հրահրող խօսք:

Հայաստանի մասին զեկոյցը

Եւրոպական Միութիւնը նոյն օրը քուէարկեց Հայստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զեկոյցը, որ ընդունուեցաւ 534 ձայնով. 10 խորհրդարանական դէմ քուարկեց, 66 ուրիշներ ձեռնպահ մնացին: Զեկոյցին մէջ բանաւոր փոփոխութիւններ առաջարկուեցան, մասնաւորապէս` դատապարտել Բերձորի միջանցքի շարունակական շրջափակումը, դատապարտել ազերպայճանական կողմի եւ Արցախի Հայերուն միջեւ Մարտ 5-ին տեղի ունեցած արարքը, որ մահերու պատճառ դարձաւ:

Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ վերջին 30 տարիներու ընթացքին, Արցախի հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի վերջին ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք՝ տասնեակ հազարաւոր տուժողներու, մեծ քանդումներու եւ հարիւրհազարաւոր մարդոց տեղահանութեան պատճառ դարձան:

Փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուին Ազերպայճանի յարձակումները Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն վրայ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի մէկ մասին բռնագրաւումը Ազերպայճանի կողմէ, քաղաքացիական ենթակառոյցներու ռմբակոծումները, հայ ռազմագերիներու եւ գերի պահուող այլ անձերու արտադատական սպանութիւնները, Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու երթեւեկի արգելքը:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար հարկաւոր է դադրեցնել բռնութիւնը եւ երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը: