2022-ի վերջաւորութեան, Եւրոպական Միութեան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ԵՄ–Ազերպայճան յարաբերութիւններու վերաբերեալ զեկոյցի քննարկման ընդառաջ ուրիշ քանի մը երեսփոխանի հետ բարեփոխումներ (amendements) ներկայացնելէ յետոյ,– որոնք ընդունուեցան,– ֆրանսացի եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի երկու նոր բարեփոխում ներկայացուցած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, նոյն բնաբանով զեկոյցի Մարտ 15-ի քուէարկութենէն առաջ: Այս փաստաթղթերուն համար անհրաժեշտ էր հաւաքել 71 ստորագրութիւն Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններէն։ Ստորագրողները, որոնք քիչ մը կը տարբերին նախորդ անգամուաններէն, կու գան Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր խումբերէն։
Բարեփոխում թիւ 7 նպատակ ունէր վերահաւասարակշռել ներկայիս Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կողմէ համապատասխանաբար ցուցաբերուող դիւանագիտական վերաբերումի ներկայացումը:
Բարեփոխում թիւ 8, որ ամենակարեւորն է՝ նկատի ունենալով ներկայի արտակարգ իրավիճակը, կոչ կ՚ընէր Եւրոպական Միութեան Խորհուրդին նպատակաուղղուած պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն նկատմամբ՝ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի հրամանը չգործադրելու պարագային:
Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի քուէարկութենէն մէկ օր առաջ՝ Մարտ 14-ի երեկոյեան, այս հարցով շատ ուշագրաւ ելոյթ մը ունեցած էր։
(Տեսանիւթին կապը՝ https://www.europarl.europa.eu/plenary/fr/vod.html?mode=unit&vodLanguage=FR&internalEPId=1678826541971&providerMeetingId=3e253cc6)
Բարեփոխման առաջարկները՝ ընդունուած
ԵՄ-ի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ զեկոյցի քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Մարտ 15-ին եւ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի ներկայացուցած նշեալ երկու բարեփոխումները ընդունուած են Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ։
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, որոնք դեռ պէտք է հաստատուին, 7-րդ բարեփոխումը ընդունուած է 378 թեր, 110 դէմ ձայնով, իսկ 8-րդը ընդունուած է 195-ի դէմ 320 ձայնով։
Նշենք, որ երեսփոխանը նախատեսած էր ներկայացնել մէկ այլ բարեփոխում եւս՝ 9-րդը, որ սակայն չէ քննարկուած որոշ ստորագրողներու յետքայլէն ետք։ Իրաց այս կացութեան մէջ, Պելամի պաշտպանած է տիկին Լուազոյի ներկայացուցած բարեփոխումները։